2017-12-21 08:47:00

Հայաստանի եւ Իրանի մէջ երկրաշարժ տեղի ունեցած է


Հայաստանի տարածքին երկրաշարժ արձանագրուած է։ Դեկտեմբեր 21-ին, տեղական ժամանակով ժամը 01:40-ին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու երկրաշարժական  ցանցի կողմէ արձանագրուած է երկրաշարժ Գաւառ քաղաքէն 20 քմ․ արեւմուտք, օճախի 5 քմ․ խորութեամբ, 2.7 աստիճան ուժգնութեամբ:

Ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կեդրոնին մէջ կազմած է 3-4 բալ:

Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մօտ՝  Մալարտ քաղաքին մէջ երկրաշարժ տեղի ունեցած է 5.2 աստիճան ուժգնութեամբ: Վիրաւորներու կամ աւերներու մասին տեղեկութիւններ դեռ չկան, կը յայտնէ Reuters-ը:

Բնակիչներէն խնդրած են հանգստութիւն պահպանել, սակայն իշխանութիւնները հնարաւոր յետցնցումներու մտավախութիւն ունին:








All the contents on this site are copyrighted ©.