2017-12-20 09:44:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Ի՞նչ Նուէր Տալ Յիսուս Մանուկին.


Մանկացեալ Աստուծոյ աննախադէպ ծնունդը համայն աշխարհի քրիստոնէութեան ուշադրութիւնը դարձեալ կը կեդրոնացնէ Աւետարաններու մէջ պատմուած պարզունակ այն դրուագին վրայ, ուր կը նկարագրուի Ծնունդը մարդկութեան Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի, տեսնելու համար թէ ի՞նչ կարելի է քաղել անկէ, այսօրուան մեր կեանքին իբրեւ ուղղութիւն:

Ինչքան ալ փորձենք մեկնաբանել Յիսուսի ծննդեան դրուագը, դարձեալ չենք կրնար անդրանցնիլ այն պարզունակութիւնը, որ արտայայտուած է Աւետարաններու բնագիրներուն մէջ: Այնքան պարզ, որ տակաւին փոքր դասարաններու երեխայ մը կրնայ հաճոյքով կարդալ ու հասկնալ զայն:

Այդ օրերուն Հռոմի Օգոստոս կայսրը, խորհրդակցաբար Ասորիքի՝ Սուրիոյ կուսակալին՝ Կիւրենիոսի, եւ անոր սահմաններուն մէջ գտնուող Պաղեստինի կուսակալ Հերովդէս թագաւորին, մարդահամար մը կատարել կու տայ, կարգաւորելու համար իր կայսրութեան հպատակներու տուրքի արձանագրութիւնները: Կ’որոշուի, որ ամէն մարդ իր ծննդավայրը պիտի երթայ իր անունը արձանագրել տալու համար: Առ այդ, Յովսէփ իր հետ առնելով Մարիամը, կ’երթայ Բեթղեհէմ: Ամէն շրջաններէն բեթղեհէմցիներ իրենց բնիկ գիւղը եկած ըլլալով, պանդոկներուն մէջ տեղ չէր մնացած: Ուստի Յովսէփ ու Մարիամ հազիւ կրցան անշուք ախոռի մը մէկ անկիւնը գիշերել, եւ ուր ծնաւ Յիսուս, եւ դրուեցաւ կենդանիներու մսուրին մէջ, ուրկէ յարդ կ’ուտէին անոնք:

Քանի մը տեսակի դերակատար անձնաւորութիւններ կան Յիսուսի ծննդեան դրուագին մէջ, որոնց նկարագիրն ու կատարած գործը մեր ուշադրութեան առարկան դարձնելով, կրնանք ըմբռնել այն մեծ զոհողութիւնը, զոր Աստուած յանձն առաւ, մեղաւոր մարդը իրեն հետ հաշտեցնելու համար:

Ո՛չ Օգոստոս կայսրը, ո՛չ ալ կուսակալ Կիւրենիոս իմացան Յիսուսի ծնունդը, եւ նոյնիսկ եթէ իմանային՝ մեծ հետաքրքրութիւն մը ցոյց պիտի չտային, իրենց արքայական փառքով այնքան փառաւորուած ու ճոխացած ըլլալով: Սակայն կար երրորդ թագաւոր մը՝ Հերովդէսը, որ կայսրութեան սահմանին մէջ գտնուող Պաղեստինին կ’իշխէր: Իր մեծաւորներուն ձեռքին մէջ խաղալիք, շրջապատին նկատմամբ կասկածամիտ այս խեղճութիւնը երբ իր մօտ այցելող երեք մոգերէն իմացաւ, թէ արքայազուն մը ծնած է, վախցաւ, որ իր թագաւորութիւնը պիտի յափշտակէ ան, երբ մեծնայ: Եւ կարելի բոլոր միջոցներուն դիմեց իր վախը փարատելու համար, նոյնիսկ չխնայելով Բեթղեհէմի երկու տարեկանէն վար բոլոր մանուկներուն, զորս սպաննել տուաւ՝ երբ չկրցաւ յայտնաբերել նորածին արքան:

Յիսուսի ծննդեան դրուագով միայն յիշուող այս խեղճ անձնաւորութեան՝ Հերովդէսի նկարագրով մարդոց կը հանդիպինք գրեթէ ամէն օր, տարբեր անուններով, տարբեր հանգամանքներով ու տարբեր վայրերու մէջ: Խեղճութիւններ՝ որոնք իրենց ինչ-ինչ թերութիւնները, սխալներն ու յանցանքները ծածկելու նպատակով, ամէնէն վատ միջոցներուն կը դիմեն. նախատինք, թուք ու մուր քսելով ուրիշի անուան ու պատուին, վաստակին ու աշխատանքին վրայ: Այդպիսիներ կը կարծեն յաջողած ըլլալ, նման Հերովդէսին, որ իր աչքերը փակեց այն համոզումով, թէ սպաննած էր այդ անսովոր թագաւորազունը…:

Յիսուսի ծննդեան դրուագը միանգամընդմիշտ կու գայ ըսելու բոլորիս, որ ամէն մէկը իր տեղը ունի այս աշխարհի մէջ, եւ ի՛նչ ալ փորձես ընել կեանքի ու պատմութեան ընթացքը փոխելու համար՝ պիտի չյաջողիս Աստուծոյ ծրագիրը շեղել, կամ ձեռք երկարել Աստուծոյ ընտրեալին:

Ս. Ծննդեան դրուագին մէջ յիշուող խումբ մը անձեր կան՝ հովիւները, որոնք առաջին ականատեսները կը դառնան այս պատմակերտ ու անկիւնադարձային անձին՝ նորածին Թագաւորի աշխարհ գալուն: Խոնարհ պայմաններու մէջ ծնած նորածինը առաջին անգամ տեսնողները պիտի ըլլային մարդկային ընկերութեան ամէնէն խոնարհ խաւին պատկանող մարդիկ Հովիւները: Իր Միածնին Ս. Ծնունդը առաջին անգամ հովիւներուն աւետելով, Աստուած կը յայտարարէ, թէ ինք կը գնահատէ խոնարհները, հեզերն ու աներկբայ հաւատք ունեցող մարդիկը:

Ս. Ծննդեան դրուագին մէջ յիշուող միւս խումբ մը անձերը՝ երեք մոգերն են, որոնց ինքնութիւնը եւ նուիրաբերումը մեծ նշանակութիւն ունի մեր քրիստոնէական կեանքը ուղիղ եւ Աստուածահաճոյ ապրելու եւ աւարտելու իմաստով: Այդ մոգերուն ընծայաբերած նուէրները եւս ունին իրենց կարեւոր իմաստը եւ քրիստոնէական մեր կեանքը ճշգրիտ հունի մէջ դնելու առումով մեծ նշանակութիւն ունին: Աւետարանը կ’ըսէ, թէ նորածին արքային առջեւ խոնարհելէ եւ երկրպագելէ վերջ, մոգերը բացին իրենց արկղերը եւ Յիսուսի ընծայեցին իրենց նուէրները՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:Ճիշդ է, որ անոնք թանկագին նուէրներ էին, սակայն անոնց արժէքը անոնց խորհրդանշական իմաստին մէջ է եւ ոչ թէ նիւթին:

Թող Աստուած մոգերուն բերած այս երեք ընծաները դնէ մեր ձեռքերուն մէջ, որպէսզի այս գիտակցութեամբ նուիրենք զանոնք Յիսուս մանուկին, հրեշտակներուն հետ երգելով միշտ եւ ըսելով. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.