2017-12-20 08:51:00

Թեզէի հասարակութեան երիտասարդութեան եւրոպական 40րդ հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Տարւոյս 28 դեկտեմբերէն մինչեւ 2018ի յունուար մէկը, Զուիցերիոյ (Պազել), Գերմանիոյ (Լէօրրախ) եւ Ֆրանսայի (Սէն Լուի) մէջ տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդութեան եւրոպական 40րդ հանդիպումը, կազմակերպուած Թեզէի Հասարակութեան կողմէ։ Յիշեալ երեք քաղաքներու համայնքները պիտի հիւրընկալեն գրեթէ քսան հազար երիտասարդներ, ժամանած 45 երկիրներէ։ Հանդիպումը մաս կը կազմէ Եղբայր Ռոժէի շարժումին, որ սկիզբ առած էր նախորդ դարու 70ականներուն։

Մեծ է խանդավառութիւնը կազմակերպողներու եւ հիւրըկալողներու մօտ։ Հանդիպումի ժամանակ տեղական ընտանիքներ, 120 տարբեր վայրերու մէջ, պիտի հոգան մասնկացող երիտասարդներու կեցութիւնը։ Երիտասարդներէն ոմանք պիտի օթեւանին մարզական համալիրներու մէջ։ Ֆապիան Տինքել, Զուիցերիոյ բաժնի համակարգող պատասխանատուն, նկատած է թէ այս հանդիպման ժամանակ կարեւոր է որ տեղացիներու եւ մասնակցող երիտասարդներու միջեւ կատարուի փոխադարձ ծանօթացում։ Այսպիսի ծանօթութիւններ ընդհանրապէս կʼունենան իրենց արձագանգը ապագայի մէջ, ուր երիտասարդներ հաղորդակցութեան մէջ կը մնան հիւրընկալողներուն հետ։ Հազարի չափ կամաւորներ պիտի ընդունին ժամանող երիտասարդները 28 դեկտեմբերին եւ զանոնք պիտի տեղաւորեն համապատասխան օթեւաններուն մէջ. 270 ինքնաշարժներ պիտի տեղափոխեն զանոնք։ Այս առիթով պիտի հայթայթուին 12 թոն սննդամթերք, 80 հազար հաց եւ 50 հազար շիշ ջուր։

Այսպիսի մեծածաւալ ձեռնարկի մը պարագային չէ կարելի անտեսել ապահովութեան հարցը. սակայն Թեզէի հասարակութիւնը իր 40 տարուան փորձառութեամբ պիտի կարենայ դիմագրաւել այս մարտահրաւէրը, ըսած է Ֆապիան Տինքել։

Նկատի առնելով, որ Պազել քաղաքը ունի որոշ նշանակութիւն մը Եւրոպայի քրոստոնէութեան պատմութեան համար, այս հանդիպումը նաեւ առիթ մըն է բացուելու աշխարհին, հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.