2017-12-20 08:44:00

«Միանմար Ռոհինճաները բնաջնջելու սերտուած ծրագիր մը որդեգրած է» կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի յանձնակատար մը։


ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց հարցերով յանձնակատար Զիտ պըն Ռաատ Հիւսէյն նշեց. «Միանմարի արեւմուտքը գտնուող Արաքան շրջանին մէջ իսլամ փոքրամասնութիւնները թիրախ դարձնող յարձակումները ռոհինճաները բնաջնջելու սերտուած ծրագիրի մը ծիրին մէջ են»:

Ան յայտնեց, որ այսօր տեսնուած իրականութեան լոյսին տակ, ինք անակնկալի պիտի չմատնուի, եթէ օր մը դատարան մը վճռէ, թէ Միանմար ռոհինճա իսլամ փոքրամասնութեան դէմ հաւաքական բնաջնջում գործած է:

ՄԱԿ-ի յանձնակատարը Միանմարի ղեկավար Անկ Սան Սու Չիին կոչ ուղղեց յաւելեալ ջանք թափելու` դադրեցնելու համար ռոհինճաներու դէմ զինուորական գործողութիւնները:

«Միջազգային ընտանիքի լուրջ մտավախութեանց Միանմարի անամօթ հակադարձութիւնը կ՛ամրապնդէ այն մտավախութիւնները, թէ ներկայ ճգնաժամը միայն աւելի վատ փուլի մը սկիզբն է», ըսաւ ան:

(Ազդակ)








All the contents on this site are copyrighted ©.