2017-12-19 10:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապին տեսերիզային հաղորդակցութիւնը Սոֆիա համալսարանի ուսանողներուն հետ։


 (Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 18 դեկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը տեսերիզային հաղորդակցութեամբ կապուեցաւ Թոքիոյի Սոֆիա համալսարանի ուսանողներուն հետ։ Նախապէս ուսանողներ հարիւրի չափ հարցեր ներկայացուցած էին, ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապի։ Այդ հարցերուն մէջէն ընտրուած էին ութը, որոնց Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ, նշելով թէ իրեն համար մեծագոյն ուրախութիւնն է ըլլալ ժողովուրդին մէջ, խօսիլ մարդկանց եւ յատկապէս մանուկներու եւ ծերերու հետ։ Ապա ան զգուշացուց, որ դաստիարակութիւնը եւ ուսումը պէտք է իւրացուին ուրիշներու ծառայութեան համար եւ ոչ թէ դառնան մրցակցութեան գործիք եւ ծառայեն միայն հասնելու բարձր դիրքերու։ Ի յարկ է, անդրադարձաւ Սրբազան Հայրը, թէ արժանիքները կարեւոր են, եւ սակայն վտանգ կը սպառնայ որ մարդիկ սայթաքին արժանիքներու պաշտամունքին մէջ, ուր մարդու արժանապատուութեան չափանիշը կը դառնան բացառիկ արժանիքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ մտահոգութիւն յայտնեց այն իրականութեան նկատմամբ, որ երիտասարդներ կորսնցուցած են իրենց մշակութային, պատմական, ընտանեկան եւ մարդկային արմատները եւ յիշողութիւնը։ Ան ճիշտ նկատեց, որ երիտասարդները միշտ յառաջադիմեն եւ ընթանան դէպի խոստմնալից ապագայ մը, սակայն պէտք է միշտ կառչած մնան իրենց արմատներուն։

Անդրադառնալով կրօնքի կարեւորութեան հարցին, Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ «Կրօնքը թատերական գիւտ մը չէ, այլ կը ծնի մարդկային սրտի ցանկութենէն՝ գերազանցելու ինքզինք, եւ ինքզինք գերազանցելու փնտռտուքին մէջ մարդը կը գտնէ բացարձակը՝ զԱստուած։ Ասոր համար իւրաքանչիւր կրօնք կը նպաստէ մարդու աճումին։ Իսկ այն անհատը որ այս աճը չʼարձանագրեր՝ կը մնայ կռապաշտ եւ ոչ հաւատացեալ։

Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ շեշտեց մարդ արարածի պատասխանատուութիւնը երկրագունդի եւ կենսոլորտի հանդէպ։ Ներկայի մարդկութեան անպատասխանատու եւ շահադիտական կեցուածը կը վնասեն բնութեան եւ կենսոլորտին, որուն հետեւանքով բնութեան մէջ կը ստեղծուի անհաւասարակշռութիւն մը, որ իր կարգին առիթ կու տայ աղքատութեան ծաւալումին։

«Զիս երջանիկ կʼընէ այն մտածումը, թէ ես մեղաւոր եմ եւ թէ Աստուած զիս շատ սիրեց, եւ տակաւին կը սիրէ»։ Այս խօսքերով Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ մարդ ուշադրութեամբ դիտէ իր անձը, սակայն զգոյշ ըլլայ անձը դատելէ։

Ներկայի աշխարհ յուզող մեծ խնդիրներէն մէկն է գաղթականութեան հարցը։ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, թէ «Մարդ արարածը գաղթական մըն է։ Եւրոպան այսօր կազմուած է գաղթականներէ, որոնք դարերով հասած են այս ցամաքամասին վրայ»։ Ասոր համար, Սրբազան Հայրը անդրադառնալով նաեւ ժողովրդագրական տուեալներու, կարեւոր նկատեց, որ Եւրոպան աւելի հիւրընկալ կեցուածք ունենայ գաղթականներու հանդէպ։

Վերջապէս, իր խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց թէ ժամանակին այցելած է Թոքիօ եւ հաճոյքով պիտի ուզէր նորէն այցելել Ճափոն։ Ան գնահատանքով խօսեցաւ Ճափոնի մասին, սակայն միեւնոյն ժամանակ անդրադառնալով երկրի բացասական երեւոյթներուն, ինչպէս ծայրայեղ մրցակցութեան եւ սպառումի մշակոյթին։








All the contents on this site are copyrighted ©.