2017-12-19 13:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յորդանանի Թագաւորը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Յորդանանի Ապտալլահ Թագաւորին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար գերապայծառ Փոլ Կալլակէրը՝ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին շեշտուեցաւ յատկապէս խաղաղութեան խթանման ու Միջին Արեւելքի կայունութեան նիւթը, յատուկէն ակնարկելով Երուսաղէմի հարցին ու Հաշեմիթ Թագաւորին Սուրբ Վայրերովրայ Պահակի դերակատարութեան։ Այս առընչութեամբ վերանորոգուեցաւ յանձնառումը երկու կողմերու միջեւ յառաջացնելու բանակցութիւնները ինչպէս նաեւ խթանելու միջ կրօնական երկխօսութիւնը։՜

Ի վերջոյ ընդգծուեցաւ քրիստոնեաներուն՝ Միջին Արեւելքին մէջ գոյատեւելու կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ անոնց դրական ներդրումը՝  տարածաշրջանի ընկերութեան մէջ, որուն լիակատար մաս են։








All the contents on this site are copyrighted ©.