2017-12-19 11:19:00

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը


ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմէոլլըր, դրական կը գնահատէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան 25 տարիները:

«Մենք այնքան շատ աշխատանք ըրած ենք այս տարիներուն ընթացքին: Կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել եւ ըսել, թէ որքան կը գնահատեմ մեր համագործակցութիւնը: Հայաստանը մեր միակ գործընկերն է, որ կայուն կերպով խաղաղապահ զօրքեր կ՝ուղարկէ Քոսովօ եւ նաեւ կարեւոր աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Աֆղանիստանին: Հայաստանը նաեւ այն երկիրն է, որ պատրաստ է հասանելի դարձնել նաեւ ռազմաբժշկական եւ այլ ստորաբաժանումները: Ասիկա իսկապէս շատ գնահատելի է, եւ այս համագործակցութիւնը կը դարձնէ առաւել ամուր»,- ըստ Armenpress.am-ի` ըսած է ան:

Ռոզ Կոթեմէոլլըր նշած է, որ 2018 Յուլիսին իրենք կը պատրաստուին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք ՆԱԹՕ-ի յաջորդ գագաթնաժողովին ` կեդրոնանալով ՆԱԹՕ-ի համար կարեւոր երկու տարբեր առաջադրանքներու վրայ:

«Առաջին առաջադրանքն է` շարունակել մեր դաշնակիցներուն պաշտպանական աջակցութիւն ցուցաբերելը, իսկ երկրորդը ուղղութիւնը մենք կ՝անուանենք կայունութեան նախագիծին մէջ: Ատիկա կը նշանակէ, որ մենք կ՝աշխատինք մեր դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ` պայքարելու վերջին մարտահրաւէրներուն, ահաբեկչութեան դէմ»,- եզրափակած է ՆԱԹՕ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.