(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Փիօ Տա Փիեթրալչինայի (Padre Pio) մարմինին վրայ Յիսուսի վէրքերու երեւումներուն հարիւրամեակին առիթով, 17 մարտ 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Իտալիոյ Պենեվենթօ թեմին պատկանող Փիեթրալչինա գիւղաքաղաքին, ապա պիտի այցելէ Սան Ճովաննի Ռոթոնտօ Սրբավայրը որ կը գտնուի Մանֆրետոնիա Վիեսթէ-Սան Ճովաննի Ռոթոնտօ թեմին մէջ, Սուրբ Փիօ Տա Փիեթրալչինայի մահուան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։
Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Տիար Կրէկ Պուրքը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |