2017-12-18 09:32:00

Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին 27,000 Հայեր դարձած են Ամերիկայի քաղաքացի


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին աւելի քան 27 հազար հայեր դարձած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու Ներքին անվտանգութեան բաժանմունքի կայքին վրայ:

2007էն մինչեւ 2016 հպատակագրման միջոցով Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի դարձած են 9745 վրացիներ եւ աւելի քան 8 հազար Ատրպէյճանցիներ: Այս տասը տարիներուն ընթացքին քաղաքացիութիւն ստացած է ընդհանուր առմամբ 7.4 միլիոն օտարերկրացի:








All the contents on this site are copyrighted ©.