2017-12-18 09:30:00

Պաղտատի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին 60 տարեկան է…


Պաղտատ մայրաքաղաքի կեդրոնը կառուցուած Հայ Առաքելական Սբ. եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուած էր 1954ին ձեռամբ՝ լուսահոգի Տ. Ռուբէն Արք. Մանասեանի, իսկ 1957ի Ապրիլին՝ եկեղեցւոյ Սբ. Սեղանի օծումը նախկին առաջնորդներէն՝ լուսահոգի Տ. Զգօն Ծ. վրդ. Տ. Յակոբեանի ձեռամբ: Եկեղեցւոյ ամբողջական օծումը կատարուած է 1978ին, ձեռամբ Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի այդ օրերու լուսարարապետ՝ լուսահոգի Տ. Յուսիկ Եպս. Սանթուրեանի, երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Հայրապետի հովուապետական այցելութեան ընթացքին: Ինչպէս «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ իրաքահայ բանաստեղծ Արամ սրկ. Քէթէնճեան Պաղտատէն, Առաջնորդանիստ այս հոյակապ եկեղեցին միշտ ալ արժանացած է Իրաքահայ Թեմի առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արքեպիսկոպոս Ասատուրեանի հոգատարութեան: Անցեալ 37 տարիներուն, Սրբազան հօր տնօրինութեամբ, եկեղեցին քանիցս ենթարկուած է վերանորոգութեան եւ բարեփոխման աշխատանքներու:
Յիշատակենք որ այս եկեղեցին Իրաքի զբօսաշրջիկութեան գրասենեակի կողմէ ճանչցուած է, որպէս Իրաքի տեսարժան կառոյցներէն մին:
Այս հոգեպարար առիթով յօդուածին կը կցեմ «Եկեղեցին մեր» խորագրեալ ստեղծագործութիւնս.








All the contents on this site are copyrighted ©.