2017-12-18 08:22:00

«Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի աւանդական ցուցահանդէս


Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան եւ «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին կազմակերպութեամբ, հովանաւորութեամբ Լիւսի Ադամեանին, շաբաթ, 16 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ աւանդական տօնավաճառին: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, Պերճ վրդ. Սապան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը միասնաբար հատեցին ժապաւէնը, ապա` Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով բացումը կատարուեցաւ ցուցահանդէսին:Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Վարդի Գէորգեան: Ան ըսաւ, որ Ս. Ծնունդի տօնին եւ Ամանորի սեմին առիթը կ՛ունենանք միասնաբար վայելելու «Զուարթնոց» կեդրոնին եւ անոր աշակերտներուն պատրաստութիւնները: «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի աշակերտները ունին իւրայատուկ կարողութիւններ. իւրաքանչիւր աշակերտ կը շրջանցէ իր դժուարութիւնները եւ կը ստանայ բծախնդիր գուրգուրանք, հետեւողական ու մասնագիտացած հոգատարութիւն եւ դաստիարակութիւն: «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտները օժտուած են լայն երեւակայութեամբ եւ անսահման համբերութեամբ: Անոնք կ՛աշխատին կեդրոնացած ձեւով` առանց յուսահատելու: Ներառելով զիրենք մեր առօրեային մէջ, քաջալեր կը հանդիսանանք եւ  նեցուկ կը կանգնինք իրենցմէ իւրաքանչիւրին զարգացման ու կեդրոնի բարգաւաճման: Մեր շուրջը գտնուող սեղաններուն վրայ կը տեսնէք աղջիկներուն եւ տղոց աշխատանքներուն արդիւնքները: Իր խօսքի աւարտին Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամանորեան տօնավաճառը քաջալերող բոլորին ներկայութեան: «Ձեր աջակցութիւնը յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ` շարունակելու «Զուարթնոց» կեդրոնի առաքելութիւնը», ըսաւ ան, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Զուարթնոց» կեդրոնի վարչութեան, պաշտօնէութեան, ծնողներուն եւ բոլոր նուիրատուներուն:

Խումբ մը փոքրիկներ գեղեցիկ պար մը ներկայացուցին, իսկ Ժան Լիւք Ժապուրի երգեհոնի վրայ նուագեց «Լուռ գիշեր» երգը` նուագակցութեամբ Նարօտ Խտրլարեանին:

Խօսք առաւ Լիւսի Ադամեան: Ան իր խօսքին սկիզբը բոլորը շնորհաւորեց ձեռնարկին յաջողութեան համար եւ ըսաւ, թէ «մեծ սիրով կը տանիք այս աշխատանքը եւ մեծ զոհողութեամբ իրականութիւն դարձուցիք այս ցուցահանդէսը:  Յուզիչ, միաժամանակ ուրախանալի առիթ մը ընծայեցինք ներկաներուն»: Ան յաջողութիւն մաղթեց պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրին եւ ցուցահանդէսին համար:

Ելոյթ ունեցաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան ըսաւ, որ Ս. Ծնունդը բոլորին համար ուրախութիւն է, Քրիստոս մեզի պիտի գայ եւ մտնէ մեր սրտերուն մէջ: Այսօր «Զուարթնոց» կեդրոնին սաները ուրախութիւն բերին մեր սրտերուն եւ ստիպեցին, որ մենք ալ Յիսուսի հետ ուրախանանք, զոհուինք եւ մեր ձեռքը երկարենք բոլոր անոնց, որոնք պէտք ունին մեզի: Մեր պարտականութիւնն  է «Զուարթնոց»-ի կողքին կանգնիլ, ծառայել եւ աղօթել բոլորին համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք պատրաստեցին ցուցահանդէսը:

Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէր ամանորեան զարդարանքներ, ձեռային աշխատանքներ, ուտեստեղէն, գծագրութիւններ եւ այլն:

(Ազդակ)

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.