2017-12-17 13:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը «Սանթա Մարթա» մանկաբուժարանի մանուկներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 17 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց  «Սանթա Մարթա» մանկաբուժարանի մանուկներուն ու անոնց ծնողաց ու մանկաբուժարանի մէջ գործող կամաւորներուն։

Անոնց ուղղած սրտաբուխ ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ մանուկներու ուրախութիւնը գանձ մըն է ու պէտք է ամէն ջանք դափել որպէսզի անոնք միշտ ուրախ ըլլան։ Որովհետեւ, ըսաւ Ան, ուրախ հոգի մը կը նմանի պտղաբեր հողի՝ որ ապա բարի պտուղներ կը պարգեւէ։

Ֆրանչիսկոս պապ շեշտեց  մանուկներու ուրախութիւն ապահովելու հարկաւորութիւնը ապա թելադրեց ծնողներուն այնպէս ընել որ անոնք երկխօսութեան մէջ մտնեն իրենց մեծ մամիկներու եւ մեծ պապիկներու հետ։ «Որովհետեւ մեծ պապիկներն ու մեծ մամիկները յիշողութիւն եւ արմատներ ունին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով թէ «անոնք կարող են այդ արմատները փոխանցել մանուկներուն»։

Իսկ երրորդ խրատը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, սորվեցուցէք մանուկներուն խօսիլ Աստուծոյ հետ. Թող աղօթել սորվին ու անոր դիմեն իրենց սրտէն բխած խօսքերով։

Ուրախութիւն, խօսիլ մեծ պապիկներու ու մեծ մամիկներու հետ ապա խօսիլ Աստուծոյ հետ։ «Հա՞մաձայն էք» հրացում ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը ապա բարի օր մաղթեց ներկաներուն ու հրաւիրեց միասին աղօթել «ողջոյն քեզ մարիամ» աղօթքը որպէսզի Տիրամայրը մեզի պարգեւէ իր օրհնութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.