2017-12-16 12:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Իտալական ու կաթողիկէ պարբերական մամուլի դաշնակցութիւններու անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 16 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս առօրեայի պաշտօնական հանդիպումներուն, առաքելական պալատի  Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Իտալական պարբերական մամուլի միութեան եւ Իտալական Կաթողիկէ շաբաթաթերթերու դաշնակցութեան անդամները եւ այս առթիւ անոնց ուղղեց ճառ մը որուն սկիզբը բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, որոնք, ըսաւ Սրբազան Պապը, կը ներկայացնեն ըլլայ տպագիր ըլլայ թուային աւելի քան 3000 պարբերաթերթեր ու մամուլի գործակալութիւն։ Ան ապա ընդգծեց մամուլի կարեւոր պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը որ է՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ճշգրիտ կերպով տեղեկացնել ու բոլորին ներկայացնել փաստերու տարբերակ մը որ ի հնարաւորիս պատշաճօրէն համապատասխանէ  իրականութեան։

«Ձեր ձայնը, ազատ ու պատասխանատու, հիմնական է որեւէ ընկերութեան մը աճումին համար որ ինքզինք ժողովրդավար կը նկատէ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը անհրաժեշտ նկատելով ճշմարտութեան եւ իրականութեան վրայ հիմնուած բեղմնաւոր բանավէճը։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա ժամանակակից արագընթաց աշխարհին ու անձկութիւններուն, ուր՝ ըսաւ Ան, միշտ աւելիով կարիքը ունինք վստահելի տեղեկատուութեան մը որ չի ձգտիր միայն հիացում ու զգացում հրահրել, այլ կը հետապնդէ նպատակը ընթերցողներուն մէջ աճեցնելու քննադատական առողջ զգացողութիւն,  որ անոնց առիթ ընծայէ համապատասխան հարցեր ուղղելու եւ հասնելու հիմնաւորուած եզրակացութիւններու։

Այս ուղղութեամբ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, դուք կարող էք մեծ գործ կատարել որովհետեւ ձեր մամլոյ գործունէութիւնը փաստօրէն կապուած է տեղական ու տարածքային հասարակական կեանքին, ապա մատնանշեց Իտալական Կաթողիկէ շաբաթաթերթերու դաշնակցութեան այս տարի նշուող 50 ամեակին, ու անոնց աւետարանական առաքելութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց այն հրատապ կարիքին՝ լուրերը հաղորդելու հանդարտութեամբ, ճշգրտօրէն ու լիակատար կերպով, որպէսզի հանրային կարծիքը կարողանայ հասկնալ ու զատորոշել զանոնք։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը ընդգծեց նաեւ հարկաւորութիւնը տեղեկատուութեան իրաւունքի յարգանքի ինչպէս նաեւ այդ տեղեկատուութեան մաս կազմող իւրաքանչիւր մարդ անհատի իրաւունքի յարգանքի անհրաժեշտութիւնը որպէսզի, ըսաւ Ան, ոչ մէկը վնաս կրէ։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը յատուկէն վերակոչեց աշխատանքի ու անհատի արժանապատուութեան յարգանքի կարեւորութիւնը ապա քաջալերեց ներկաները իրենց գործունէութիւնը շարունակելու յանձնառումով ու հրաւիրեց քաղաքացիական ընկերութիւնն ու իշխանութիւնները ամէն ջանք դափելու որպէսզի « փոքր հրատարակչութիւնները» շարունակեն կատարել իրենց գործը, ի նպաստ վաւերական բազմակարծութեան, ձայն տալով տարբեր տեղական համայնքներու ու անոնց կարծիքներուն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ճառը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն շնորհելով իր օրհնութիւնը ու Սուրբ Ծննդեան մօտալուտ տօնին բարի մաղթանքներ փոխանցելով ապա խնդրեց «Բարեհաճեցէք չի մոռնալ աղօթել ինծի համար»։  








All the contents on this site are copyrighted ©.