2017-12-16 11:54:00

Ֆրանչիկոս Պապ ընդունեց «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի պատանիներու պատուիրակութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 16 դեկտեմբերին,  Վատիկանի  «Քոնչիսթորօ» անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչսիկոս Պապ ընդունեց «Ացիոնէ Քաթթոլիթա» եկեղեցական շարժումի 80 երիտասարդներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որոնք եկած էին Ֆրանչիսկոս Պապին Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնը շնորհաւորելու:   

Այս առթիւ անոնց արտասանած  խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն բարեմաղթանքները համարեց շատ ուրախալի որովհետեւ, ըսաւ Ան, «անոնք լի են աղքատներուն, մեկուսացուածներու ի նպաստ զօրակցութեան ձեռնակներու պտուղներով»:  

Ան ապա անդրադարձաւ երիտասարդներուն գործունէութիւններուն ու նախաձեռնութիւններուն յատուկէն իր գնահատանքը յայտնելով  եկեղեցական շարժումի հիմնադրութեան  150 ամեակի առթիւ կազմակերպուած   տարեցներու հետ հանդիպումի ու անոնց հետ ծանօթանալու ծրագիրը, ընդգծելով որ տարեցները իւրաքանչիւր հասարակութեան պատմութեան յիշատակն են, ինչպէս նաեւ իմաստութեան ու հաւատքի ժառանգութիւնը, որ կանչուած ենք անսալու, պահպանելու եւ արժեւորելու։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով երիտասարդներու կազմաւորումի կարգախօսին «պատրաստ նկարահանելու»,  որ լուսանկարչութեան փոխյարաբերական  իմաստով զանոնք յանձնառու կը դարձնէ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Յիսուսի կեանքի որոշ պահերուն վրայ քաջալերեց երիտասարդները «լաւ լուսանկարիչներ դառնալ, ըլլայ Յիսուսի կատարած արարքներուն ըլլայ իրենց շրջապատող իրականութեան, միշտ ունենալով ուշադիր ու արթուն աչքեր»,  դիտել տալով որ «շատ անգամ կան մոռցուած մարդիկ.  որոնց ոչ ոք  կը նայի եւ ոչ ոք կ՝ուզէ տեսնել: Անոնք աղքատներն են, տկարները, որոնք բացառուած են ընկերութենէն եւ նկատուած որպէս հարց» «սակայն» յարեց Սրբազան Քահանայապետը անոնք «մերժուած Յիսուս Մանուկի պատկերն են, մանուկը որ հիւրընկալութիւն չի գտաւ Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ, անոնք՝  Յիսուսի տառապող ու խաչուած կենդանի մարմինն են» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խնդրելով երիտասարդներէն, որ հարց տան թէ իրենք որուն աւելի ուշադրութեամբ կը նային ու առաջարկելով.  որ անոնք   իրենց հայեացքները սեւեռեն  այն ընկերներուն ու անձերուն վրայ . որոնց ոչ մէկը կը տեսնէ, տրամադրելով անոնց ժամանակ  ու շնորհելով ժպիտ եւ  քնքշութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց խնդրելով երիտասարդներէն. որ դառնան Բեթղեհէմ եկող Յիսուսի վկաներն ու բարեկամները ապա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տուած այցելութեան բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները ու մաղթեց Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.