2017-12-16 08:47:00

Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի հանդիպումը Վրաստանի կրօնի գործերու պետական գործակալութեան հետ։


Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը դեկտեմբերի 14-15 հովուական այցով մեկնած էր Վրաստան: Դեկտեմբերի 15-ին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի կրօնի գործերու պետական գործակալութեան նախագահ Զազա Վաշակղմաձէի հետ: Ռաֆայէլ Սրբազանին կ՛ընկերակցեր Թբիլիսիի հայ կաթողիկէներու Հովիւ Հ. Միքայէլ Վրդ. Խաչկալեանը:

Հանդիպումի ընթացքին Զազա Վաշակղմաձէն ներկայացուցած է Կրօնի գործերով պետական գործակալութեան աշխատանքները Վրաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան շրջագիծէն ներս, ինչպէս նաեւ՝  կրօնական տարբեր համայնքներու հետ համագործակցութեան գործընթացը, կրօնական կազմակերպութիւններու պետական ֆինանսաւորման մեխանիզմները, կրօնական պաշտամունքային կառոյցներու՝ համայնքներուն տրամադրելու կամ վերադարձնելու ճանապարհները:

Գործակալութիւնը կ՛աշխատի զարգացնել միջկրօնական, միջհարանուանական, ինչպէս նաեւ պետութեան հետ կրօնական կազմակերպութիւններու երկխօսութիւնը՝ ընդհանուր խորհրդաժողովներու ձեւաչափով: Այս առնչութեամբ ստեղծուած է կրօնական կազմակերպութիւններու, համայնքներու տեղաբաշխման քարտէզ եւ օրացոյց:

Ռաֆայէլ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ տեղեկատւութեան տրամադրման, նաեւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններու յետագայ զարգացման պատրաստակամութեան համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.