2017-12-14 11:11:00

«Աստուծոյ քնքշութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզին կեդրոնական նիւթը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Աստուծոյ քնքշութիւնը կը տարածուի բոլոր արարածներուն վրայ» Եսայի մարգարէի գրքէն քաղուած այս նախադասութիւնը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, հինգշաբթի 147 դեկտեմբերի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին։ Մարգարէն զԱստուած կը ներկայացնէ որպէս հայր մը՝ որ կը խօսի իր մանուկին հետ, քնքշութեամբ ու հաւաստիացնելով զայն «մի վախնար, ես օգնութեանդ կը հասնիմ»։

Աստուած արդարեւ հայր ու մայր է, Անոր քնքշութիւնը այս կ՛արտայայտէ. Ան յաճախ կը կրնկէ «նոյնիսկ եթէ մայր մը իր զաւակը մոռնայ ես քեզ չեմ մոռնար»։ Ան մեզ կը կրէ որ արգանդին մէջ։ Ան երկխօսութեան ընթացքին կը փոքրանայ  որպէսզի մենք իր վրայ վստահութիւն ունենանք ու քաջութեամբ անոր դիմենք ըսելով. «Աբբա՝ Հայր», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով նաեւ Աստուծոյ յանդիմանութիւններուն, երբ կը սխալինք, ու աւելցնելով թէ ասոր հանդերձ Ան իր քնքշութեամբ  միշտ աւելիով մեզի կը մօտենայ ու մեզ կը փրկէ։ «Այս մէկը խորհուրդ մըն է Աստուծոյ քնքշութիւնն է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով թէ Սուրբ Ծնունդը մեզ կ՛օգնէ հասկնալու այդ խորհուրդը, հասկնալու այդ մանուկ Աստուածը։

Աստուած ոչ միայն մեզ կ՛օգնէ այլ մեզի կը խոստանայ ուրախութիւն ու եռանդ յառաջ ընդանալու համար, յարեց ապա Քահանայապետը ու նշեց թէ այդ քնքշութիւնը աւելիով կը յայտնուի «վէրքերուն»  մէջ, երբ Տիրոջ վէրքերն ու մեր վէրքերը իրարու կը միանան ու այդ միութեան մէջ մենք կը բուժուինք։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը  վերյիշեց բարի սամարացիի առակը ու հրաւիրեց ներկաները օրուան ընթացքին խոկալու Տիրոջ հրաւէրին վրայ որ մեզի կը դիմէ ըսելով. «Ցոյց տուր ինծի քու վէրքերդ։ կ՛ուզեմ զանոնք բուժել»։








All the contents on this site are copyrighted ©.