2017-12-13 14:59:00

Ինը Կարդինալներու հաւաքի մասին մամլոյ ասուլիս։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 13 դեկտեմբեր 2017-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ, Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն« Տիար Կրէկ Պուրկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուց Կարդինալական Խորհուրդի 22-րդ հաւաքի մասին տեղեկութիւններ։ Ան նշեց թէ խորհուրդի նիստերը տեղի ունեցան 11-13 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան 9 մինչեւ 12.30 եւ 16.30 մինչեւ 19, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ։ Ժողովէն բացակայ էր կարդինալ Ժորժ Փելը որ կը գտնուի Աւստրալիա մինչ Կարդինալ Փազինիան բացակայ գտնուեցաւ միայն առաջին օրը։

Ժողովի ընթացքին Կարդինալները յատկապէս քննարկեցին չորս Ժողովներու հրացերը՝ Կղերի, Ժողովուրդներու աւետարանութեան, Կաթողիկէ դաստիարակութեան եւ Մշակոյթինը։.

Նիստերէն յատուկ մաս մը նուիրուեցաւ Աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի ժողովին ու այդ Ժողովի մեծաւորներուն ներկայացուցած զեկոյցներուն, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան քարտուղարութեան կառավարիչի զեկոյցին ու մարդկային համապարփակ զարգացումի՝ գաղթականներու ու փախստականներու բաժանմունքի աշխատանքներուն։

Ի վերջոյ կարդինալական խորհուրդի անդամ Կարդինալ Փադրիք Օ Մալլէյ ժողովականներուն ներկայացուց Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբի աշխատանքի մասին զեկոյց մը։

Կարդինալներու յառաջիկայ ժողովը նախատեսուած է 26,27 եւ 28 փետրուար 2018-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.