2017-12-12 10:34:00

Մենհեթընի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն մը ձախողեցաւ


Երէկ Մենհեթընի մեթրոյի կայանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնառումբով յարձակում մը, որուն լոյսին տակ ամերիկեան ոստիկանութիւնը կայանը դատարկեց քաղաքացիներէն: Ամերիկեան լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ արձանագրուած են վիրաւորներ:

Աւելի ուշ Նիւ Եորքի քաղաքապետ` Պիլ Տի Պլազիոյ տեղեկացուց, որ քաղաքի ոստիկանութիւնը կրցած է իր հակակշիռին տակ առնել յարձակումը` աւելցնելով, որ ձեռնառումբը նախնական ձեւով պատրաստուած էր: Ան դիտել տուաւ, որ կացութիւնը վերադարձած է իր բնական վիճակին, մեթրոյի սպասարկութիւնը շարունակուած է: Ըստ անոր, բացուած է քննութիւն, եւ ահաբեկչական գործողութիւնը իր նպատակին չէ հասած:

Ան տեղեկացուց նաեւ, թէ յարձակումը կատարողը, որ ծանրօրէն վիրաւորուած է, կը կոչուի Աքաիտ Ալլա եւ 27 տարեկան է:








All the contents on this site are copyrighted ©.