2017-12-12 09:11:00

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստ


11 դեկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը: Նիստին` Հայաստանէն կը մասնակցէին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, «Ազդակ» (Լիբանան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահի տեղակալ Գրիգոր Ջանիկեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, «Հայկական Փի. Ար. ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական կազմակերպութեան նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան, սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, մամուլի եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ էվելինա Բաղդասարեան, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Լուսինէ Աբրահամեան եւ նախարարութեան աշխատակիցներ:

Նիստին` հեռակապով միացած էին Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան, «Խօսնակ» ամսագիրի (Լիբանան)  գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, «Օրեր» ամսագիրի (Չեխիա) գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, «Զարթօնք» օրաթերթի (Լիբանան)  գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի (Քանատա)  գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, «Պայքար» շաբաթաթերթի (Միացեալ Նահանգներ) գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան, «Արարատ» օրաթերթի (Լիբանան) գլխաւոր խմբագիր Անի Եփրեմեան:

Ողջունելով նիստի մասնակիցները` նախարար Հրանուշ Յակոբեան անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի արդիւնքներուն եւ ձեռքբերումներուն: «Այս համաժողովը բացառիկ էր իր ընդգրկուածութեամբ ու հնչեղութեամբ: Բնականաբար կարելի չէ լսել 1837 մասնակիցի, խօսք տրամադրել իւրաքանչիւրին, սակայն համաժողովին նիւթերու ժողովածուին մէջ պիտի հրապարակուին ելոյթները այն մասնակիցներուն, որոնք չկրցան համաժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալ», նշեց նախարարը:

Հ. Յակոբեան սփիւռքի լրատուամիջոցներուն խմբագիրներուն ներկայացուց նախարարութեան` սահմանապահ գիւղերու աջակցութեան ծրագիրը եւ նշեց, որ արդէն քանի մը գիւղեր կը կրեն սփիւռքի գաղութներու հովանաւորութիւնը, կարեւոր նկատեց ծրագիրին մասին սփիւռքի մէջ խօսիլն ու զայն ծանօթացնելը: «Մեզի համար առաջնահերթ է նաեւ հայրենադարձութեան թեմայի արծարծումը սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն մէջ: Այսօր Հայաստանի մէջ կ՛ապրին հազարաւոր հայրենադարձներ. արդէն նախատեսած ենք հանդիպումներ կազմակերպել հայրենադարձներուն հետ: Անհրաժեշտ է աշխատիլ անոնց հետ, գրել անոնց մասին, ներկայացնել հայրենադարձութեան անոնց փորձառութիւնը», ընդգծեց Հրանուշ Յակոբեան: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակի նախաձեռնութիւններուն սփիւռքի աշխուժ մասնակցութիւնն ու անոնց մասին լուսաբանումը:

Վաղինակ Վարդանեան եւ էվելինա Բաղդասարեան ներկայացուցին Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի լուսաբանման արդիւնքները` ընդգծելով, որ համաժողովը լայն արձագանգ գտաւ թէ՛ սփիւռքահայ, եւ թէ հայաստանեան մամուլին մէջ, ուր տեղ գտան բազմաթիւ առաջարկներ,  արտայայտուեցան տեսակէտներ, լրատուամիջոցները ցուցաբերեցին կառուցողական մօտեցում:

«Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան նկատել տուաւ, որ համաժողովին կարեւորութիւնն ու հնչեղութիւնը այնքան մեծ էին, որ հետագային քննարկումներ կատարուեցան նաեւ սփիւռքի գաղութներուն մէջ` Լիբանան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ:

Այնուհետեւ նիստին մասնակիցները քննարկեցին լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովի խորագիրն ու բնաբանական ուղղութիւնները, համաժողովի կայացման վայրը, օրերն ու ձեւաչափը: Նախնական քննարկման իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ համաժողովը գումարել մայիսի աւարտին եւ յունիսի սկիզբը: Մասնակիցները փափաք յայտնեցին նաեւ այցելել հայաստանեան սահմանապահ գիւղեր, շրջիլ եւ ծանօթանալ տիրող իրավիճակին: Համաժողովին ընթացքին նախատեսուած են նեղ մասնագիտական աշխատաժողովներ, փորձի փոխանակում, հանդիպումներ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտօնատարներու հետ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.