2017-12-12 09:30:00

Այցելելով Սուրիա՝ Փութին հրամայած է Ռուսական զօրքը դուրս բերել Սուրիայէն։


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Դեկտեմբեր 11-ին ժամանած Է Սուրիոյ մէջ գտնուող «Հմէյմիմ» ռուսական զինուորական օդակայան, կը տեղեկացնէ սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը։

Զինուորական օդակայանին մէջ Փութինը դիմաւորած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը, ՌԴ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյգուն եւ Սուրիոյ մէջ գործող ռուսական զօրախումբի հրամանատար Սերգէյ Սուրովիքին:

Ելոյթ ունենալով օդակայանի  զինծառայողներուն առջեւ` Ռուսիոյ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Փութին հրամայած Է սկսիլ ռուսական զօրախումբը դուրս բերելու գործընթացը Սուրիայէն: «Պաշտպանութեան նախարարին, գլխաւոր շտապի պետին կը հրամայեմ` ձեռնամուխ ըլլալ ռուսական խմբաւորման զօրքերը դուրս բերել անոնց մշտական տեղաբաշխման վայրեր, վստահեցնելով, որ եթէ ահաբեկիչները դարձեալ գլուխ բարձրացնեն, մենք անոնց այնպիսի հարուած կը հասցնենք, որ նախապէս չեն տեսած»,- ՍԱՆԱի փոխանցմամբ՝ յայտարարած Է Փութին:

Իր հերթին Սուրիոյ նախագահ Ասատ շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին՝  Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէպ պայքարին մէջ Ռուսիոյ արդիւնաւէտ մասնակցութեան համար։ Ան Ընդգծած  է, որ Սուրիոյ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ ռուս զինուորականներուն ահաբեկիչներուն դէմ դնելու դերակատարութիւնն ու զոհողութիւնը ։

Ինչպէս կը նշէ lenta.ru-ն, Դաշնային խորհուրդի պաշտպանութեան և անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Վիքթոր Պոնտարեւ մանրամասնած է, որ խօսքը զինծառայողներու ամբողջական դուրսբերման մասին չէ, այլ զօրախումբի կրճատման:

Դեկտեմբեր 6-ին Ռուսիոյ գլխաւոր շտապը յայտարարած Է, որ Սուրիան ամբողջութեամբ ազատագրուած Է ահաբեկիչներէն, ՏԱՀԵՇի բոլոր ելուզակախումբերը ոչնչացուած են








All the contents on this site are copyrighted ©.