2017-12-12 08:27:00

«Populorum Progressio» Վատիկանեան հիմնարկի 25 ամեակի առթիւ համաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) Լատին Ամերիկայի ի նպաստ «Populorum Progressio» հիմնարկի հիմնադրութեան 25-րդ ամեակին առթիւ,  12 – 14 դեկտեմբեր 2017-ին, կազմակերպուած է համաժողով մը որպէս բնաբան ունենալով «25 տարուայ ծառայութիւն ի նպաստ մարդկային համապարփակ զարգացումին՝ նայելով ապագային»։

13 փետրուար 1992-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի կամքով ծնունդ առած հիմնարկը ի սկզբանէ յանձնուեցաւ «Քոր Ունում – Մէկ Սիրտ» Քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկին, մինչ այժմ ան մաս կը կազմէ նորաստեղծ «մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան» նախարարութեան։ 

Բացման նիստի ընթացքին վերոնշեալ նախարարութեան կառավարիչ ու հիմնարկի նախագահ՝ կարդինալ Փիթրր Ափիա Թուրքսընի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի քարտուղարը՝ Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի պիտի ներկայացնէ Ամազոնեան ցամաքամասի բնիկ ժողովուրդին յատկացուած, 2019-ին կայանալիք սիւնհոդոսի հայող տեղեկութիւններ ու պիտի ներկայացուին այդ առընչութեամբ առաջադրանքներ։

Խօսք պիտի առնէ նաեւ Փրոֆ Կուզման Քարրիքիրին որ ներկայացումը պիտի կատարէ Լատին Ամերիկայի այսօրուայ իրականութեան։

13 դեկտեմբերին ապա տեղի կ՛ունենայ «Populorum Progressio» Վատիկանեան հիմնարկի հոգաբարձութեան տարեկան նիստը, որուն ընթացքին պիտի որոշուին 2018-ին՝ բնիկ ժողովուրդներու յատկացուելիք օժանդակութիւնները, միեւնոյն ատեն խորհրդածելով հիմնարկի առաքելութեան մասին՝ այսօրուայ մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։

14 Դեկտեմբերին նախատեսուած է հանդիպում Ֆրանչիսոս Պապին հետ։

25 տարուայ գործունէութեան ծիրէն ներս Հիմնարկը իրականացուցած է աւելի քան 41 միլիոնի արժողութեամբ՝ 4.300 ծրագիրներ, որոնք յատկացուած են բնիկ ժողովուրդիններուն ու անոնց պահանջներուն, որոնց շարքին գիւղատնտեսութիւնը, անասնաբուծութիւնը, ձեռային արհեստներ ու ձեռնարկութիւններ, ըմպելի ջուրի ենթակառոյցներ, դպրոցական կառոյցներ ու կազմաւորում, առողջապահութիւն ու շինարարութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.