2017-12-11 14:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը՝ «Թոյլ տանք մխիթարուիլ Տիրոջմէ, ոչ՝ դժգոհութիւններուն»։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ներշնչուելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն՝ քաղուած  Եսայի Մարգարէի գիրքէն,  ուր  Տէրը կը խոստանայ  իր ժողովուրդը մխիթարել,  ընդգծեց թէ Տէրը եկաւ մեզ սփոփելու համար,  դիտել տալով, որ շատ անգամ  աւելի դիւրին է ուրիշը մխիթարելը քան մենք մեր անձը, որովհետեւ կապուած ենք  ՝բացասական իրողութիւններուն, մեր մէջ գտնուող մեղքի կապանքի հետեւանքով »   ըսաւ նորին Սրբութինւը հաստատելով թէ շատ անգամ  «Տէր ենք բացասական իրողութիւններուն, մինչ՝ մուրացկան են դրական երեւոյթներուն, որովհետեւ չենք սիրեր սփոփանք  մուրալ»։

Քահանայապետը ապա  նշեց, թէ  Տիրոջմէ  մխիթարուելու համար հարկ է մերկանալ մեր անձնասիրութենէն, մեր սրտի դառնութենէն ու դադրինք  դժգոհելէ։ Ան ապա հրաւիրեց  խղճի քննութիւն կատարել՝ հասկնալու համար թէ ինչ վիճակի մէջ կը գտնուի մեր սիրտը, եթէ   տխուր  է կամ լի է դառնութեամբ ու յորդորեց քննել  նաեւ մեր լեզուն հարց . տալով եթէ «մեր լեզուն Աստուած կը փառաբանէ կամ մշտապէս կը դժգոհի» եւ ի վերջոյ Քահանայապետը  հրաւիրեց  Տիրոջմէ հայցել քաջութեան շնորհքը, որովհետեւ քաջութեան մէջ է  որ Տէրը կու գայ մեզ մխիթարելու։ Հայցենք ուրեմն Տիրոջմէ «եկուր տէր, եկուր մեզ մխիթարելու»։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը     








All the contents on this site are copyrighted ©.