2017-12-11 09:48:00

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ գաղթականներու հարցով նոր համաձայնութիւն


Թուրքիան եւ Յունաստանը համաձայնութիւն գոյացուցած են Յունաստանի ցամաքային մասէն գաղթականներու վերադարձի հոլովոյթին վերաբերեալ:

«Տէօչէ Վելլէ»` յղում կատարելով յունական աղբիւրին, կը հաղորդէ, որ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութեան նպատակը գերծանրաբեռնուած յունական ճամբարներուն մէջ գաղթականներու թիւի նուազումն է:

Անգարան եւ Աթէնքը համաձայնութիւնը գոյացուցած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Յունաստան կատարած երկօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ: Որդեգրուած միջոցները պէտք է համալրեն արդէն իսկ երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրի կէտերը:

Յունական կառավարութեան աղբիւրը հաստատած է նոր պայմանաւորուածութեան կնքումը, որուն նպատակն է թեթեւցնել կղզիի ծանրաբեռնուածութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.