2017-12-10 13:30:00

«Քաղաքական գործունէութիւնը ծառայելու է մարդուն» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի  10  Դեկտեմբերին կը նշուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համաշխարհային օրը, հաստատուած ՄԱԿ-ի կողմէ։ Այս օրուան առթիւ Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մր որուն մէջ հաստատեց թէ քաղաքականութեան գործունէութիւնը պէտք է ըլլայ իսկապէս սահմանուած մարդ էակի, հասարակաց  բարիքի ու արարչութեան յարգանքի ծառայութեան։

«Հարկաւոր է որ քաղաքական գործունէութիւնը իրապէս դրուի ի ծառայութիւն մարդ անհատին, հասարակաց բարիքին եւ արարչութեան յարգանքին» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.