2017-12-09 09:17:00

Աուն. «Հայաստանը եւ Լիբանանը Օսմանեան կայսրութեան գործադրած ցեղասպանութեան արհաւիրքները ապրեցան»


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովի պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աունն ու Արամ Ա. կաթողիկոսը մերժեցին Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու Թրամփի յայտարարութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շեշտեց, որ 1915-1916 թուականներուն Հայաստանը եւ Լիբանանը Օսմանեան կայսրութեան գործադրած ցեղասպանութեան արհաւիրքները ապրեցան եւ անցեալ տարի անոնք միասնաբար նշեցին ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

«Հայ ժողովուրդը սուրով սպանդի ենթարկուեցաւ, իսկ քրիստոնեաները` սովի ենթարկուեցան: Այս մասին յայտնեց Էնվեր փաշա, երբ ան Ալէյ ուղղուած էր` այցելելու Ճեմալ փաշային», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ ըստ Ճեմալ փաշային, օսմանեան կառավարութիւնը իր արժանապատուութիւնը պիտի վերագտնէր հայերն ու լիբանանցիները բնաջնջելով:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք հայութիւնը Լիբանանի մէջ օտարերկրացիներու գաղութներէն մէկը չի նկատեր, այլ` հայերը կը նկատէ լիիրաւ քաղաքացիներ, ինչպէս իւրաքանչիւր լիբանանցի:

Ան նշեց նաեւ, որ ողջունելի է տեսնել, թէ հայութիւնը ինչպէ՛ս կրցած է պահպանել իր աւանդութիւնները, հայկական ինքնութիւնն ու արմատները: «Լիբանանցիները իրենց կարգին ցիր ու ցան եղած են աշխարհի չորս կողմերը: Անոնց գաղթը դարձեալ սկսած է 1914-1915 թուականներուն: Հետեւաբար, հայերն ու լիբանանցիները լուրջ նմանութիւններ ունին, որոնք կ՛օժանդակեն անոնց համերաշխութեամբ ապրելու: Մենք մարդկային նոյն արժանիքները կը բաժնենք եւ մնայուն համախոհութեան մէջ ենք, յատկապէս վերջին փուլին, այլ խօսքով` 2005-ին, Լիբանան վերադարձէս ետք», ըսաւ նախագահ Աուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.