Հայաստանի կառավարութիւնը յառաջիկայ տարիներուն պիտի շարունակէ ընկերային աջակցութիւն տրամադրել սահմանամերձ համայնքներուն:
Խորհրդարանը, ըստ Armenpress.am-ի, երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Սահմանամերձ համայնքներու ընկերային աջակցութեան մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքին նախագիծը:
Նախագիծով կ՝առաջարկուի սահմանամերձ համայնքներու ընկերային աջակցութեան մասին օրէնքի գործողութեան ժամկէտը 2018-էն երկարաձգել մինչեւ 2021:
«Սահմանամերձ համայնքներու ընկերային աջակցութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը ընդունուած է 2014-ին: Սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներուն աջակցութիւնը կը տրամադրուի բնական կազի, ելեկտրականութեան, ոռոգման ջուրի` մասնակի եւ հողի հարկի ու գոյքահարկի ամբողջութեամբ փոխհատուցման ձեւով:
All the contents on this site are copyrighted ©. |