2017-12-08 08:33:00

Երուսաղէմի եւ Պաղեստինեան այլ շրջաններու մէջ բողոքի ցոյցեր ու բախումներ։


Երուսաղէմի մէջ, մասնաւորաբար Պապ Ամուտի աստիճաններուն մօտ երէկ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան քաղաքը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին դէմ:

Ռամալլայի Գալիլիա քաղաքին մէջ իսրայէլեան ուժերը բռնի ուժ եւ արցունքաբեր կազեր օգտագործեցին ցուցարարներուն դէմ: Ժենինի մէջ հազարաւոր պաղեստինցիներ «Երուսաղէմի համար միլիոններով նահատակ կ՛երթանք» բացագանչութիւններով ցոյց կատարեցին:

Իսրայէլեան ուժերը բռնի ուժ կիրարկեցին նաեւ Բեթղեհէմի մէջ պաղեստինցի ցուցարարներուն դէմ եւ փակեցին Բեթել եւ Ռամալլա տանող բոլոր ճամբաները:

Կազայի մէջ երկու ցուցարարներ փամփուշտ ստանալով վիրաւորուեցան:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ Կազայի հիւսիսային հատուածէն երկու հրթիռներ արձակուած են Ստերոթի եւ Աշքելոնի ուղղութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.