2017-12-07 12:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Պետրոս հրապարակի Տօնածառի ու Մսուրի նուիրատուները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 7 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած Մսուրի ու տօնածառի նուիրատուները։ Մսուրը արդարեւ նուէրն է Իտալիոյ Քամփանիա շրջանի Մոնթեվերճինէ տեղական Աբբայարանի իսկ տօնածառը  նուիրուած է Լեհաստանի «Էլք» արքեպիսկոպոսական թեմին կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  սրտագին շնորհակալութիւնը արտայայտելէ ետք երկու նուէրներու նուիրատուներու պատուիրակութեան անդամներուն, յարեց թէ ամէն տարի Սուրբ Ծննդեան մսուրն ու տօնածառը ունին յատկանշական ոճ մը, որ մեզի տեսանելի կը դարձնեն Աստուծոյ Որդոյն ծննդեան փորձառութիւնը։

«Տօնածառը ձգտած դէպի բարձունքը՝ մեզ կը մղէ մեր կարգին ձգտելու աւելի բարձր պարգեւներու ու ամպերէն անդին փորձարկելու այն ինչ որ գեղեցիկ եւ ուրախ է, մխրճուելով Քրիստոսի Լոյսին մէջ, մինչ մսուրի պարզութեան մէջ մենք կը հանդիպինք Աստուծոյ քնքշութեան որ կը յայտնուի  Յիսուս Մանուկին մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով մսուրին որ կառուցած է Նափոլեթանական ոճով ու ներշնչուած է ողորմութեան գործերուն ապա տօնածառին՝ որ կու գայ Լեհանստանէն կ՛արտայայտէ այդ ժողովուրդի հաւատքը ու Անոր Սուրբ Պետրոսի գահին նկատմամբ հաւատարմութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր խօսքը ուղղեց ունկնդրութեան մասնակցող մանուկներուն որոնց յանձնուեցաւ այս տարուայ տօնածառի զարդարանքը ու գնահատեց անոնց աշխատանքը որուն ընդմէջէն «կարողացաք արտայայտել ձեր երազներն ու իղձերը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տուած վկայութեան համար։

«Այս երեկոյ երբ  կատարուի մսուրին ու տօնածառին լուսաւորումը, ձեր իղձերը եւս պիտի դառնան լուսաւոր եւ բոլորին տեսանելի» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը  նշելով նաեւ թէ «Տիրոջ Սուրբ Ծնունդը առիթ է բոլորին համար աւելի ուշադիր ըլլալու աղքատներուն որոնք Յիսուսի նման տեղ չունին հիւրընկալեցուելու»։

«Ձեզի բոլորիդ կը մաղթեմ շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ կը վստահեցնեմ իմ աղօթքներս որպէսզի Տէրը ընկալէ եւ իրականացնէ ձեր սպասումները։ Դուք ալ աղօթեցէք ինծի համար եւ իմ եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան համար, ձեր ու ձեր ընտանիքներուն վրայ կը հայցեմ Տիրոջ օրհնութիւնները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր ճառը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.