2017-12-07 12:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Թաիվանի մէջ եկեղեցիներու ազգային կոմիտէի պատուիրակութիւն մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան, Վատիկանի «Քոնչիսթորօ» անուան դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Թաիվանի մէջ եկեղեցիներու ազգային կոմիտէի պատուիրակութիւն մը։ Այս առթիւ  ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ  Միանմար եւ Պանկլատէշ կատարած առաքելական ճամբորդութեան,  նշելով թէ Ինք անձամբ այդ երկիրներուն մէջ փորձարկած է Ասիական ժողովուրդներուն կենսունակ եւ հնարամիտ կեանքը  ու այդ ժողովուրդներու  տառապող դիմագիծերուն մէջ տեսած է  «մարդկութիւն մը, որ յաճախ զուրկ է նիւթական բարգաւաճումէն եւ ընկերային բարեկեցութենէն»։

Սրբազան Հայրը, ապա դիտել տուաւ թէ  որպէս քրիստոնեաներ, կանչուած ենք միասնաբար խթանելու իւրաքանչիւր մարդ էակի արժանապատուութիւնը, նաեւ զօրակցութիւն ցուցաբերելու  նուազ բախտաւորներուն ապա յայտնեց թէ ինք քաջալերուած է հետեւեալ խօսքերէն « առանց սէրի, խաղաղութիւնը իսկական խաղաղութիւնը չէ. Առանց Սէրը աշխարհի կ՝ենթարկուի քաոսի»։ Սրբազան Հայրը հուսկ  հրաւիրեց  ներկաները, որպէս քրիստոնեաներ ի գործ դնել Տիրոջ պատուիրանը «սիրեցէք զիրար։ Ինչպէս ես ձեզի սիրեցի, այնպէս ալ դուք զիրար սիրեցէք։ Ամէնքը ձեզ պիտի ճանչնան իբրեւ իմ աշակերտներս, եթէ դուք զիրար սիրէք» (Յովհ 13, 34-35) ընդգծելով, որ    Աստուծոյ սէրը՝ շօշափելի կերպով կեանքին մէջ մարմնացումը,  գերագոյն ուղին կը նկատուի։

Նորին Սրբութիւնը ապա յայտնեց թէ «Կաթողիկէ եկեղեցին, Չինաստանի նահանգային Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին միջոցաւ, յանձնառու է հաւատացեալներու միջեւ յաւելեալ միութիւն խթանելու» ու նշեց թէ  «լաւագոյն ապագայի  ձգտելու համար անհրաժեշտ է ապագայ երիտասարդ սերունդներուն կազմաւորումը, յատկապէս երկխօսութեան արուեստին մէջ, որպէսզի անոնք իրենց կարգին կարենան ներդաշնակութեան մշակոյթի դերակատարները դառնալ »։

Ֆրանչիսկսո Պապ ճառը աւարտեց  շնորհակալութիւն յայտնելով կոմիտէի անդամներուն,  իրենց յանձնառութեան համար,  հրաւիրելով  զանոնք շարունակել միասնաբար ընթանալ եղբայրութեան առաջնահերթ  ուղիին վրայ,  որ կը տանի դէպի այն օրը, որ պիտի իրականացուին Յիսուսի բաղձանքը «թող ամէնքը մէկը ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ»  (Յովհ 17,21)

 








All the contents on this site are copyrighted ©.