2017-12-07 13:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Mariele Ventre» փոքրիկներու երգչախումբի անդամները


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2017-ին՝ առաւօտեան,  Վատիկանի  Քլեմենթինա դահլիճէն  ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց “Mariele Ventre”  անուան փոքրիկ երգչախումբի աւելի քան 150 անդամները, երգչախումբին,     «Lo Zecchino d’Oro”. մրցանակին  նախաձեռնութեան 60 ամեակի առիթով։

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատելով  երգչախումբին  տարիներու հոլովոյթին ձեռք բերած յաջողութիւնները,  «որոնք հաճելի եղան    ըլլայ փոքրիկներուն ըլլայ չափահասներուն համար»,  ըսաւ Ան , նշելով  թէ անոնք  երգերու  կատարողութեամբ անդորրութիւն սփռած են , յատկապէս դժուարութիւններու  մէջ գտնուող ընտանիքներուն։ 

Նորին Սրբութիւնը  ապա քաջալերեց երգչախումբի անդամները  շարունակելու  իրենց ուղեւորութիւնը,  երգեն կեանքին  իսկական  արժանիքները , փառաբանեն եւ շնորհակալութիւն յայտնեն Աստուծոյ շնորհած  բոլոր պարգեւներուն համար։

Ան  մաղթեց երգչախումբի անդամներուն,  որ  Սուրբ Ծննդեան տօնին նախապատրաստական ՝Յիսնակաց շրջանին,   Յիսուս մանուկի ծնունդի դրուագը պատմող իրենց երգերը, կարենան օգտակար դառնալ  իրենց ունկնդիրներուն, ըմբռնելու համար սէրն ու հրապոյրը,  այն ինչ որ պատահեցաւ երկու հազար տարի առաջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար, հայցելով բոլորին վրայ Տիրոջ օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ երգչախումբի  հոգեւոր հօր, Ֆրանչիսկեան հայրերուն եւ անոնց հարազատներուն։

Ֆրանչիկսոս Պապ ճառի աւարտին, հրաւիրեց ներկաները, հանդարտ  իրենց տեղերը նստած մնալու, նայելու համար Մանուկ Յիսուսին սպասող  Տիրամօր։  ։  Մենք եւս ըսաւ  Սրբազան Հայրը  Յիսուսը  կը սպասենք, թող Ան գայ մեր սրտին մէջ»  ապա հրաւիրեց ներկաներուն,   Ողջոյն քեզ մարիամ աղօթքը կատարելու։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.