2017-12-07 08:24:00

Վիեննայի մէջ կայացաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը


Չորեքշաբթի 6 դեկտեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը: Այս մասին իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան: Մինչ այդ, Վիեննայի մէջ  տեղի ունեցած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Սթեֆան Վիսքոնթիի եւ Էնտրիւ Շոֆըրի միջեւ հանդիպումը:

Հանդիպումին ներկայ էր ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք: Այստեղ քննարկուած է Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովներու  ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացման ուղղուած քայլերը: Հանդիպումին տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում` ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման հոլովոյթի յառաջ մղումին համար բարենպաստ պայմաններու  ստեղծման շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.