2017-12-07 09:37:00

Սուրբ Պատարագ երբեմնի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Սոտանոյի ծննդեան 90 ամեակին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի՝ 7 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան 8-ին առաքելական պալատի Պօղոսեան մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց Սուրբ Աթոռի երբեմնի Պետական Քարտուղար կարդինալ Անճելօ Սոտանոյի ծննդեան 90 ամեակին նուիրուած սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կարդինալական դասին անդամներ եպիսկոպոսներ, Ծիրանաւորի ընտանեկան պարագաներ եւ բարեկամներ։

Կարդինալ Անճելօ Սոտանօ՝ Կարդինալական դասին աւագերէցը, ծնած է Իտալիոյ Իզոլա Տ՛ասդի քաղաքին մէջ՝ 23 նոյեմբեր 1927-ին։

Քահանայ կը ձեռնադրուի 23 սեպտեմբեր 1950-ին, փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները աւարտելէ ետք եւ կը նուիրուի դասաւանդութեան։ 1959-ին կը կանչուի Սուրբ Աթոռ՝ ուր աւարտելէ ետք եկեղեցական Քահանայապետական ակադեմիական ուսումները կ՛ուղարկուի յաջորդաբար Էքուատոր, Ուրուկուէյ եւ Զիլէ որպէս առաքելական նուիրակութեան քարտուղար։ 1968-ին ետ կը կանչուի Վատիկան ուր կը շարունակէ իր դիւանագիտական գործունէութիւնը։ 30 նոյեմբեր 1977-ին Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետը զինք եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ ու զինք կ՛ուղարկէ Չիլէ  որպէս առաքելական նուիրակ ուր կը պաշտօնավարէ 10 տարիներ ամբողջ։ 28 մայիս 1988-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը զինք կը կոչէ Վատիկան անոր յանձնելով Եկեղեցւոյ հանրային գործերու խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը որ ապա 1989-ի Մարտ մէկին, «Պոնուս Փասթոր» առաքելական սահմանադրութեան վաւերացումէն ետք կը դառնայ Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, եւ 29 յունիս 1991-ին ան ընդունելէ ետք Կարդինալական աստիճանը կը դառնայ Պետական Քարտուղար եւ այդ պաշտօնի վրայ կը մնայ մինչեւ 15 սեպտեմբեր 2006, երբ տարիքի բերումով իր հրաժարականը կը ներկայացնէ։

Կարդինալ Սոտանոյի ծննդեան  90 ամեակին առթիւ սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսք առնելով ըսաւ «ամէն օր գոհաբանութիւն կը մատուցենք Տիրոջ մեր կեանքին մէջ կատարած բաներուն համար, սակայն երբ կարեւոր առիթներ կան 25, 50 եւայլն Աստուծոյ գոհութիւն մատուցելը աւելի զօրեղ կը դառնայ որովհետեւ այդ ահերուն աւելի զօրեղ է յիշատակը անցած ճանապարհին ու այդ յիշատակը մեզ կը մղէ ընծայ մը նուիրելու։

«Յիշողութիւնը կեանքի ծաւալ է։ Դժբախտութիւն է կորսնցնել յիշողութիւնը ու չի յիշել այն ինչ որ Աստուած ըրաւ մեզի համար» շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ «Կարդինալ Սոտանոն այդ տարիներուն յիշատակը կատարեց, ու այդ յիշատակը մեզի ուժ կու տայ յառաջ ընդանալու, եւ այդ յիշողութիւնը շնորհք մը է» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով թէ «մեզմէ ամէն մին ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը ու իր յատուկ փորձառութիւնը Տիրոջ հետ»։ «Մենք Կարդինալ Սոտանոյին մէջ կը տեսնենք մարդ մը որ շատ բարիք ըրաւ Եկեղեցւոյ սակայն անոր այսօրուայ վկայութիւնը, որ ինծի համար կարեւորագոյնն է, «եկեղեցականօրէն կարգապահ» մարդու մը վկայութիւննէ եւ ասոր համար է որ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Անոր ու Տիրոջմէ  հայցել որ այս եկեղեցական կարգապահութեան վկայութիւնը մեզ օգնէ յառաջ ընդանալու մեր կեանքին մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորելով Կարդինալ Սոտանոն իր տարեդարձի 90 ամեակին առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.