2017-12-06 11:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 6 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց ցուրտի բերումով Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց՝ Միանմար եւ Պանկլատէշ կատարած վերջին առաքելական ճամբորդութեան վրայ։

Սրբազան Հայրը նախ գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ իրեն ընծայած առիթին համար ապա շնորհակալութին յայտնեց երկու երկիրներու իշխանութիւններուն ու եպիսկոպոսներուն իրեն եւ իր համագործակիցներուն վերապահած հիւրընկալութեան համար  ու սրտաբուխ շնորհակալութիւն յայտնեց Միանմարի եւ Պանկլատէշի ժողովուրդիններուն։

Նորին Սրբութիւնը ապա յայտնեց թէ այս առաջին անգման էր որ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ մը կ՛այցելէր Միանմարը ու թէ այս մէկը տեղի ունեցաւ Միանմարի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատումէն քիչ ժամանակ ետք։

«Այս ճամբորդութեան առիթով եւս ուզեցի Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը բացայայտել Ժողովուրդի մը որ շատ տառապեցաւ հակամարտութիւններու ու հարստահարումներու պատճառաւ եւ որ այժմ դանդաղօրէն կը քալէ դէպի ազատութեան ու խաղաղութեան նոր հանգրուան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ աւելցուց «Ժողովուրդ մը որ արմատացած է իր Պուտտայական հաւատքին մէջ ուր քրիստոնեաները ներկայ են որպէս փոքրիկ հօտ մը ու Աստուծոյ Արքայութեան թթխմոր»։

«Ուրախութիւնը ունեցայ հաւատքի եւ հաղորդութեան մէջ ամրապնդելու այդ եկեղեցին որ խանդավառ ու  ծաղկուն է, երկրին եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած երկու հանդիպումներով» շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ առաջինը տեղի  ունեցաւ Եանկոնի մէջ ու երկրորդը կը հայի երիտասարդներուն նուիրուած եզրափակիչ Սուրբ պատարագին։ «Երիտասարդներ որոնց դիմագիծերուն մէջ տեսայ Ասիական ցամաքամասին ապագան, ապագայ մը որ կը պատկանի ոչ թէ զէնք արտադրողներուն այլ եղբայրութիւնը սերմանողներուն» ըսաւ Քահանայապետը յոյսի սերմ նկատելով նաեւ 16 եկեղեցիներու, մէկ նորընծայարանի ու Միանմարի առաքեալակն պալատի առաջին քարերուն օրհնութիւնը։

«Կաթողիկէ համայնքէն անդին հանդիպեցայ Միանմարի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ զանոնք քաջալերելով՝ երկրի խաղաղութեան ի նպաստ իրենց ջանքերուն համար ու յոյս յայտնելով որ երկրին զանազան խաւերը կարողանան, առանց բացառութեան, համագործակցիլ այդ գործընթացի իրականացումին։

« Հանդիպեցայ նաեւ երկիրն կրօնական զանազան հասարակութիւններուն հետ ու յատկապէս Պուտտիսթ կրօնաւորներու գերագոյն խորհուրդի անդամներուն հետ»։

Միանմարը թողելով ապա անցայ Պանկլատէշ՝ ուր որպէս առաջին քայլ յարգանքի տուրք մատուցեցի Երկրին անկախութեան համար պայքարի մարտիրոսներուն։

Պանկլատէշի բնակչութիւնը մեծամասնութեան կը պատկանի իսլամական կրօնին, առ այդ իմ այս այցելութիւնս, Պօղոս Զ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ հետքերուն վրայ յատկանշեց այլ քայլ մը ի նպաստ քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ յարգանքի եւ երկխօսութեան։  

Երկրին իշխանութիւններուն յիշեցուցի թէ Սուրբ Աթոռը միշտ թիկունք կանգնած է Պանկլատէշի ժողովուրդին այնպէս ինչպէս իմ զօրակցութիւնս յայտնեցի Պանկլատէշին՝  Ռոհինճաներուն ցուցաբերած հիւրընկալութեան համար - ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշեց Տաքքայի մէջ մատուցած պատարագին որուն ընթացքին քահանայական ձեռնադրութիւն շնորհեց 16 սարկաւագներու,   այս մէկը որակելով որպէս « ճամբորդութեան նշանակալից եւ ուրախ պահերէն մին»։

Ըլլայ Պանկլատէշի մէջ ըլլայ Միանմարի մէջ, փառք Աստուծոյ, կոչումները չեն պակսիր, դիտել տուաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ Պանկլատէշի մէջ կիսեց եպիսկոպոսներուն ուրախութիւնը ու զանոնք քաջալերեց՝ իրենց ընտանիքներու, աղքատներու, դաստիարակութեան, երկխօսութեան ու ընկերային խաղաղութեան ի նպաստ մատուցած վեհանձն ծառայութեան համար, այնպէս ինչպէս կիսեց կղերական դասին ուրախութիւնները։

Տաքքայի մէջ ապրեցանք միջկրօնական եւ համամիութենական զօրեղ  պահ մը որ ինծի առիթ ընծայեց վերահաստատելու՝ հանդիպումի մշակոյթին, ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան համար բաց սիրտ մը ունենալու կարեւորութիւնը։ Ապա այցելեցի Մայր Թերեզայի տունը՝ ուր սրբուհին յաճախ բնակած է երբ այցելած է Տաքքան եւ ուր այսօր հիւրընկալուած են բազմաթիւ որբեր։ Այդ վայրին քոյրերը կ՛ապրին իրենց խարիզմը՝ աղօթքի ու պաշտամունքի մէջ, ինչպէս նաեւ ծառայելով Քրիստոսին՝ աղքատին ու տառապողին մէջ։ «Եւ երբեք անոնց շրթներէն ժպիտը չի պակսիր. Շատ գեղեցիկ վկայութիւն մըն էր ինծի համար շնորհակալ եմ անոնց» ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ ակնարկեց վերջին հանդիպումին՝ Պենկալացի երիտասարդներուն հետ։ «Այդ հանդիպումը եղաւ մեծ տօնակատարութիւն, տեսնէիք թէ ինչպէս լաւ կը պարէին», յարեց Սրբազան Պապը եւ մատնանշեց թէ այդ տօնակատարութիւնը արտայայտեց Աւետարանի ուրախութիւնը ու թէ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ այլ կրօններու պատկան եւ իսլամ երիտասարդներ, այս մէկը եւս նկատելով յոյսի նշան՝ Պանկլատէշի, Ասիայի եւ համայն աշխարհին համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.