2017-12-06 07:56:00

Վատիկանի հրատարակչատան մէջ կը վաճառուի «Գրիգոր Նարեկացի» ի մասին Իտալերէն գրքոյկը։


(Ռատիօ Վատիկան) 12 ապրիլ 2015-ին՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կին առի­թով, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ  Հայոց բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին նուիրուած հանդիսաւոր սուրբ պատարագ, որուն առթիւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուեցաւ նաեւ հայազգի պանծալի զաւակ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։

Այդ յոբելենական արարողութեան առթիւ, Սուրբերու Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, հրապարակած է իտալերէն լեզուով՝ 72 էջերէ բաղկացած գրքոյկ մը, նուիրուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին։

«Նարեկացին ծնած է է 950 թուականներուն՝ Անձեւացիք գիւղի մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է Նարեկի վանքին մէջ ուր եւ հետեւած է իմաստասիրութեան ու աստուածաբանութեան դասընթացքներու, խորացնելով հայրաբանութեան   ու սուրբ գիրքի ուսումնասիրութիւնները։ Ան  տիրապետած է ապա յու­նա­րէն լեզ­ուին, որուն շնոր­հիւ իւ­րաց­ուցած է բիւ­զան­դա­կան եկե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը» 

գրած է Կարդինալ Ամաթօ իր գիրքի նախաբանին մէջ,  ապա լայնօրէն անդրադարձած է Սուրբին վաստակին ու գործունէութեան ու յատկապէս անոր գիտական ու հոգեւոր ասպարազէն ներս աշխատասիրութիւններուն, յատուկէն անդրադառնալով Նարեկացիի գլուխ գործոցին՝ «Մատեան Ողբերգութեան»ին որ  հրապարակուած է 1003 թուականին «ուր պարունակուած են 95 աղօթքներ հայող կեանքի զանազան պահերուն եւ իրադարձութիւններուն» գրած է միշտ Կարդինալ Ամաթօ իր հրապարակած գրքոյկին մէջ ուր նաեւ լայն անդրադարձ կատարած է  Սուրբին կեանքի պատմութեան ու անոր առաքելութեան եւ վարդապետական ուսուցումներու մասին, ներկայացնելով նաեւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան ծաւալումի պատմութիւն,հայ եկեղեցւոյ  մէջ Քրիստոսաբանութեան ըմբռնումը, հայկական ծէսի ինքնատիպ իւրայատկութիւնը ու յատկապէս Նարեկացիի վարդապետութեան ու հոգեւորականութեան ազդեցութիւնը համամիութենական գործընթացէն ներս։

Հայ միջնադարեան հոգեւորական, քրիստոնեայ աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժիշտ եւ փիլիսոփայ։ Գրիգոր Նարեկացի կը համարուի հայ գրականութեան վերածննդեան հիմնադիրը, Հայ վերածննդեան փիլիսոփայական միտքի գագաթը։Ս. Ներ­սէս Լամբ­րո­նա­ցին (ԺԲ դար) զայն կը կո­չէ «աստուածաշնորհ եւ յո­գունց գե­րա­զանց հրեշ­տակն ի մարմնի»: Եւ այս­պէս անոր անու­նը պաշ­տօ­նա­պէս կը ներ­մուծ­ուի հայ տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ: 








All the contents on this site are copyrighted ©.