2017-12-06 10:38:00

Սպանիոյ դատարանը ջնջեց Փուչտեմոնի ձերբակալման հրամանը


Սպանիոյ Գերագոյն դատարանը ջնջած է Քաթալոնիոյ կառավարութեան նախկին ղեկավար Քարլես Փուչտեմոնի ձերբակալման հրամանագիրը: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Սպանիոյ դատական իշխանութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ:

«Դատաւոր Փապլօ Լիարենա որոշում տուած է վերցնել ձերբակալման հրամանագիրը Քաթալոնիոյ կառավարութեան նախկին ղեկավար Փուչտեմոնի եւ կառավարութեան նախկին այն անդամներուն, որոնք կը գտնուին Պելճիքայի մէջ», յայտնած է դատարանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.