2017-12-05 09:55:00

Եմէն. նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ սպաննուեցաւ


Եմէնի ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաստատեց, որ Եմէնի նախկին նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ սպաննուած է` աւելցնելով. «Դաւաճան միլիսներուն տագնապը վերջ գտաւ, անոնց որջերը ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնուեցան, եւ անոնց ղեկավարը սպաննուեցաւ»:

Եմէնի ներքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Սադրանքի ծրագիրին վիժումը տապալումն է դաւաճանութեան ու սադրանքի ամէնէն վտանգաւոր նախաձեռնութեան, որուն վրայ Եմէնը ընկճելու համար իրենց գրաւ դրին յարձակումի ուժերը»:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը Սալեհի անձնագիրին եւ կուսակցական անդամաքարտին լուսանկարները հրապարակեց, իսկ համացանցի վրայ տարածուեցան անոր նմանող եւ գլխէն ծանր վէրք ստացած անձի մը դիակին լուսանկարները:

Յիշեցնենք, որ Սալեհ սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքին բանակցութեան առաջարկ կատարած էր: Ան յայտնած էր, որ պատրաստ է «էջը փակելու», եթէ դաշինքը վերցնէ շրջափակումը եւ դադրեցնէ իր յարձակումները: Սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքը ողջունած էր անոր առաջարկը, սակայն հուսիներու Անսարուլլա շարժումի ղեկավար Ապտուլ Մալիք Հուսին Սալեհը ամբաստանած էր սէուտցիներու կողքին կանգնելու յանցանքով:

Արդէն օրերէ ի վեր Սալեհի հաւատարիմ ուժերուն եւ հուսիներուն միջեւ մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տեղի կ’ունենային բախումներ: Հուսիներու Անսարուլլա շարժումը երէկ յայտարարեց, որ գրաւած է Սալեհի տունը:

Շարժումի ղեկավար Ապտուլ Մալիք Հուսին իր կարգին յայտնեց, որ երէկուան օրը արտակարգ ու փառապանծ օր մըն է, որովհետեւ «դաւադրութեան տապալումին օրն է»: Ան գովաբանեց եմէնեան ցեղախումբերը, որոնք դէմ դրին «վտանգաւոր դաւադրութեան»:

Ան մեկնաբանելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիններու հիւլէական կայանի վայրին դէմ կատարուած հրթիռարձակումը յայտնեց, որ ատիկա նախայարձակումի ուժերուն ուղղուած պատգամ մըն է: «Նախայարձակումի ուժերը կը կարծէին, թէ Եմէնը տապալումի եզրին է, սակայն մենք հարուածեցինք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ այդ ուժերուն խորքը», ըսաւ ան:

Ան կոչ ուղղեց այսօր ժողովրդային քայլարշաւ կատարելու` առ ի զօրակցութիւն պետութեան եւ «խափանարարութեան ու սադրանքի բոլոր ջանքերուն մերժման»








All the contents on this site are copyrighted ©.