2017-12-05 09:46:00

Եգիպտոսն ու Յորդանանը կը զգուշացնեն ԱՄՆ-ը Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք Ճանչնալէ


Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալը կրնայ խիստ բացասական հետեւանքներ ունենալ Միջին Արեւելքի մէջ հաշտութեան հոլովոյթի վերսկսման Ուաշինկթընի ջանքերուն համար: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ 3 դեկտեմբերին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ապու Զէյտ յայտնած է, որ նախարարը հեռաձայնած է ամերիկացի իր պաշտօնակիցին, որպէսզի մասնաւորաբար քննարկէ շրջանային խնդիրները լրատուամիջոցներու այն հաղորդումներու լոյսին տակ, թէ Ուաշինկթըն կրնայ Երուսաղէմը ճանչնալ իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք:

«Շուքրին զգուշացուցած է այդպիսի որոշումին առնչուած հաւանական բարդացումներուն եւ Միջին Արեւելքի մէջ հաշտութեան հոլովոյթի վերսկսման Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն համար բացասական հետեւանքներուն մասին», նշած է եգիպտացի դիւանագէտը` աւելցնելով. «Երուսաղէմի կարգավիճակը չափազանց զգայուն հարց է, որուն պէտք է շատ զգուշ մօտենալ` հաշուի առնելով պաղեստինցի ժողովուրդին ազգային ինքնութիւնը դարերու ընթացքին»:

Գահիրէն կարեւոր կը նկատէ «խուսափիլը այնպիսի որոշումներէ, որոնք պիտի բորբոքեն շրջանի լարուածութիւնը»:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի զգուշացուց Միացեալ Նահանգները Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու «վտանգաւոր հետեւանքներէն»:

Ան իր կարգին Թիլըրսընին յայտնած է, թէ այդպիսի որոշում մը արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ մեծ զայրոյթ պիտի յառաջացնէ:

Երուսաղէմի կարգավիճակը պաղեստին եւ իսրայէլեան տագնապին հանգուցային հարցերէն մէկն է: Իսրայէլ Երուսաղէմը կը նկատէ իր «միասնական ու անբաժանելի» մայրաքաղաքը, իսկ պաղեստինցիները քաղաքի արեւելեան մասը կը նկատեն իրենց պետութեան մայրաքաղաքը:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու կամ ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու որոշում որդեգրելը պիտի ամրապնդէ ծայրայեղականութիւնն ու բռնարարքները եւ չի նպաստեր պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան հոլովոյթին:

Թրամփի խորհրդական, փեսայ եւ Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Ճարետ Քուշներ կիրակի օր «Հայիմ Սապան» համախմբումին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ նշած էր, թէ Թրամփ մօտ է այդ հարցին վերաբերեալ իր որոշումը յայտարարելու` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը տակաւին հարցը չէ վճռած եւ կը սերտէ զայն:








All the contents on this site are copyrighted ©.