2017-12-04 12:00:00

«Ունկնդրել, զատորոշել ու ապրիլ Տիրոջ կոչումը» Ֆրանչիսկոս Պապին կոչումներու օրուան պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 4 դեկտեմբեր 2017-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը՝ հայող Կոչումներու համաշխարհային օրուան զոր պիտի տօնախմբուի յառաջիկայ 22 ապրիլ 2018-ին։ Պատգամին բնաբանն է «Ունկնդրել, զատորոշել ու ապրիլ Տիրոջ կոչումը» որուն սկիզբը Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ յառաջիկայ 2018-ի հոկտեմբեր ամսոյն մէջ կայանալիք եպիսկոպոսներու 15-րդ սովորական սիւնհոդոսին որ նուիրուած է երիտասարդներուն ու յատկապէս անոնց հաւատքի ու կոչումի հետ յարաբերութեան։ Եւ ի տես Կոչումներու համար աղօթքի միջազգային 55-րդ օրուան, այդ լուրը կը դառնայ աւետիս՝ հաշուի առնելով թէ մեր կեանքը ու մեր ներկայութիւնը աշխարհի մէջ պտուղն են աստուածային կոչումի մը։ Եւ ամէն մէկ կոչումի տարբերութեան ու իւրայատկութեան մէջ հարկաւոր է ունկնդրել ու զատորոշել ու ապրիլ այն Խօսքը որ մեզ կը կոչէ ու մինչ մեզի թոյլ կու տայ մեր «քանքարները» կրկնապատկելու, մեզ գործիքներ կը դարձնէ աշխարհի փրկութեան ու մեզ կ՛ուղղէ դէպի երջանկութեան լիութիւնը - գրեց Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ ու ընդգծեց թէ «Այս երեք երեւոյթները՝ ունկնդրութիւն, զատորոշում ու կեանք, կը սահմանեն Յիսուսի առաքելութեան սկիզբը, երբ Ան աղօթքի ու ամփոփումի, ինչպէս նաեւ անապատի մէջ պայքարէն ետք, կը վերադառնայ Նազարէթ ու կ՛այցելէ հրեաներու տաճարը ուր կ՛ունկնդրէ Աստուծոյ Խօսքը, ապա կը զատորոշէ իրեն Հօրմէ յանձնուած առաքելութեան պարունակութիւնը ու կը յայտարարէ թէ Ւնք եկած է զայն իրականացնելու այսօր (Ղուկաս 4, 16-21)։ 

Սրբազան Քահանայապետը  ապա մեկնաբանեց երեք գլխաւոր բառերը՝ Ունկնդրել, զատորոշել ու ապրիլ։

Ունկնդրել։ Տիրոջ կոչը չի նմանիր առօրեայի կոչերուն։ ԱՆ կը հասնի լռութեան մէջ առանց կաշկանդելու մեր ազատութիւնը։ Եւ այսպէսով յաճախ անոր ձայնը կը մնայ անլսելի այն մտահոգութիւններու ու  ձգտումներու պատճառաւ որոնք կը զբաղեցնեն մեր մտքերն ու սրտերը։  Ասոր համար հարկաւոր է մենք զմեզ ունկնդրութեան մէջ դնենք ու փակուած չի մնանք մենք մեր մէջ այլ բացուինք բացայայտելու համար Աստուծոյ մեզի վերապահած յատուկ ու անձնական կոչումը։

Յիսուս եւս կանչուեցաւ եւ առաքուեցաւ։ Ասոր համար ինք եւս ամփոփուեցաւ լռութեան մէջ ունկնդրելով Խօսքը եւ Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ բացայայտեց այդ կոչումի լիակատար իմաստը։

Արագընթաց ու յաճախակի ցրումներու առիթ դարձած այսօրուայ ընկերութեան մէջ այս վերաբերմունքը միշտ աւելիով կը դժուարի ու արտաքին աղմուկին յաճախ կը համապատասխանէ նաեւ ներքին շփոթութիւն … սակայն իմանալով որ Աստուծոյ Արքայութիւնը կու գայ անձայն, հարկաւոր է որ թափանցենք մեր հոգիին խորը թոյլ տալով որ ան բացուի աստուածային աննկատելի շունչին։

Զատորոշել. Նազարէթի տաճարին մէջ Եսայի Մարգարէի գիրգը կարդալով Յիսուս կը հասկնայ ու կը զատորոշէ առաքելութեան նշանակութիւնը որուն սահմանուած է ու զայն կը ներկայացնէ անոնց որոնք Մեսիան կը սպասէին՝ «Տիրոջ հոգին իմ վրաս է որովհետեւ օծեց զիս եւ ղրկեց՝ քարոզելու Աւետարանը աղքատներուն, գերիներուն, աւետելու ազատութիւն, կոյրերուն աչքի լոյս, հարստահարուածներուն ազատութիւն եւ հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին (Ղուկաս 4, 18-19)։  

Յիսուսի նման մեզմէ իւրաքանչիւրը կարող է իր կոչումը բացայայտել հոգեւոր զատորոշումի միջոցաւ, Տիրոջ հետ երկխօսութեամբ ու Սուրբ Հոգւոյն ձայնի ունկնդրութեամբ» - գրեց ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ «քրիստոնէական կոչումը ունի մարգարէական ծաւալ» ու դիտել տալով թէ «այսօր եւս կարիք ունինք զատորոշումին ու մարգարէութեան, որպէսզի յաղթահարենք գաղափարախօսութիւններու փորձութիւնները ու Տիրոջ հետ յարաբերութեամբ վերագտնենք՝ վայրերն ու գործիքները ինչպէս նաեւ իրադարձութիւնները որոնց միջոցաւ Ան մեզ կը կոչէ։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է կարենայ զարգացնել կարողութիւնը «կեանքը կարդալու ներքնապէս ու հասկնալու՝ ո՞ւր եւ ի՞նչու համար Տէրը զինք կը կոչէ որպէս Իր առաքելութիւնը շարունակողը։

Ապրիլ։ Յիսուս ի վերջոյ կը հռչակէ նորութիւնը՝ հասած է ժամանակի լրումը եւ Ինքն է Եսայի մարգարէին կողմէ աւետուած Մեսիան, օծուած՝ ազատելու համար բանտարկեալները, կոյրերուն տեսողութիւն վերադարձնելու, ու հռչակելու Աստուծոյ ողորմած սէրը արարչութեան։ Այսօր իրականացաւ այս դրուածքը զոր դուք լսեցիք (Ղուկաս 4,20) հաստատեց Յիսուս։

Աւետարանի ուրախութիւնը որ մեզ կը բանայ Աստուծոյ ու եղբայրներուն հետ հանդիպումին չի կրնար համակերպիլ մեր ծուլութեան ու դանդաղութեան։ Կոչումը այսօր է. Քրիստոնէական առաքելութիւնը ներկայի համար է ու  իւրաքանչիւրս կոչուած է դառնալու Տիրոջ վկան՝ այժմ եւ այստեղ, ըլլայ ամուսնական կեանքի կոչումի ըլլայ քահանայական կոչումի կամ նուիրեալ կեանքի կոչումի մէջ։  

Տէրը կը շարունակէ մեզ կոչել նաեւ այսօր՝ իրեն հետեւելու։ Պէտք չէ սպասենք կատարելիութիւնը համապատասխանելու համար Անոր եւ ոչ ալ վրդովինք մեր սահմանափակումներու ու մեր մեղքերու պատճառաւ, այլ բաց սրտով ընկալելու ենք Տիրոջ ձայնը։ Ունկնդրենք զայն, զատորոշենք մեր անձնական առաքելութիւն եկեղեցւոյ ու աշխարհին մէջ ապա զայն ապրինք այսօրուան մէջ, զոր Աստուած մեզի կը շնորհէ։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը, արուարձանի երիտասարդ աղջիկը, որ ունկնդրեց, ընկալեց եւ ապրեցաւ մարդեղացած Աստուծոյ Խօսքը, մեզ պահպանէ ու միշտ մեզի ընկերանայ մեր ճանապարհորդութեան ընթացքին։

Տուեալ ի վատիկան 3 դեկտեմբեր 2017. Առաջին կիրակի Յիսնակաց։  








All the contents on this site are copyrighted ©.