2017-12-04 08:42:00

«Ձեր վրայ առէք իմ լուծս» (Մատթէոս 11, 29) Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեանի խորհրդածութիւնը։


Լուծ կը նշանակէ փայտէ կազմուածք՝ զոր եզներուն պարանոցին վրայ կը դնեն եւ որու միջոցով արօրը կը քաշէն: Փոխաբերաբար կը նշանակէ՝ մէկուն վրայ դրուած դժուարին եւ ոչ հաճելի պարտականութիւն՝ գործ: Օտար տիրապետութիւն: Ճնշում, բռնութիւն, կեղեքում: Ծանրութիւն, բեռ: Գերութիւն, ստրկութիւն:

Հետեւաբար, լուծ բառը մարդուն մէջ ուրախութեան կամ խանդավառութեան զգացումներ չի յարուցաներ, որովհետեւ լուծին նպատակը, ինչպէս ըսուեցաւ, եզները ստիպելն է՝ դժնդակ գործ մը կատարելու:

Նոյնիսկ Աստուածաշունչին մէջ « լուծ »-ը ունի ժխտական երանգաւորում մը: Օրինակի համար, Աստուած կը նկարագրէ Իսրայէլի գերութիւնը Եգիպտոսի մէջ որպէս « լուծ » (Ղեւտական 26, 13) եւ Սուրբ Պօղոս կը խօսի «Օրէնքի լուծի» մասին (Գաղատացիք 5,1) ակնարկելով Մովսէսի Օրէնքին, որ ժամանակի բերումով, ընկճած էր Հրեայ ժողովուրդը մանր, յաւելեալ եւ անվերջ կանոնադրութիւններով, եւ ձախողած՝ անոնց սրտի խաղաղութիւն բերելու:

Փաստ՝ «Գործք Առաքելոց»-ին մէջ կը կարդանք, որ, ի տես Յիսուսի աշակերտներուն «անհոգ ու անյարգալիր վարմունքին մովսիսական ընկալեալ սովորութիւններուն նկատմամբ»՝ Օրէնքին տառացի ու մանրամասն գործադրումը պահանջող կարգ մը Փարիսեցիներուն՝ Պետրոս Առաքեալ պատասխանեց. «Ինչո՞ւ զԱստուած կը փորձէք՝ Տիրոջ աշակերտներուն վիզին դնելով լուծ մը, որ ո'չ մեր հայրերը կրցան շալկել եւ ո'չ մենք: Ընդհակառակը, կը հաւատանք, որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը պիտի փրկուինք մենք, ինչպէս նաեւ անոնք» (Գրծք. Առք. 15, 10-11):

Այս կապակցութեամբ, Աստուած աւետած էր, թէ ժամանակ մը պիտի գայ, երբ Ինք անձամբ պիտի առաջնորդէ Իր հաւատացեալները՝ «սիրոյ կապեր հաստատելով եւ լուծը վերցնելով» (Ովսէէի Մարգարէութիւն 11, 1-11): Եւ ահա', Աստուածորդին՝ Յիսուս, հեշտ լուծի ու թեթեւ բեռին պատկերով՝ կը գործադրէ Աստուծոյ աւետած մարգարէութիւնը, մեզ հրաւիրելով հետը կրելու՝ հեզութեամբ ու խոնարհութեամբ յատկանշուած իր սիրոյ պատուիրանին լուծը. «Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ ինձմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ ու պիտի գտնէք հանգիստ ձեր հոգիներուն» (Մատթէոս 11, 29):

Սուրբ Օգոստինոս մեկնաբանելով Տիրոջ սոյն խօսքը՝ հետեւեալ հիանալի բացատրութիւնը կու տայ. «Ուրիշ որեւէ բեռ մը քու վրադ կը ճնշէ ու քեզ կը ջախջախէ, սակայն, Քրիստոսի բեռը կամ լուծը վրադ ճնշող ծանրութիւնը կը վերցնէ: Որեւէ ուրիշ բեռ մը քեզի դէպի վար կը քաշէ, իսկ Քրիստոսինը՝ քեզի թեւեր կու տայ: Մի գուցէ, քեզի կրնայ թուիլ, թէ թռչունի մը թեւերը կտրելով՝ իր ծանրութիւնը կը թեթեւցնես. սակայն, որքան իր թեւերը պակսեցնես, այնքան զինք հողին կը կապես: Ուզելով զինքը իր բեռնէն ազատել՝ զինք գետնի վրայ կը գտնես: Իրեն դարձո'ւր իր թեւերուն բեռը եւ պիտի տեսնես, թէ ինչպէս պիտի թռչի ու ճռուողելով ճախրէ» (Քարոզք 126, 12):

Ուստի, Յիսուս տարբեր իմաստ ու բովանդակութիւն տուած է այս տհաճ սարքին: Արդարեւ, փոխանակ մեր ուսերուն վրայ՝ լուծի նման ծանր ու ճնշիչ բեռ մը դնելու, Ան մեզի կը պարգեւէ դէպի վեր սլանալու երկու թեւեր՝ Իր շնորհքն եւ իր խաղաղութիւնը. շնորհքը՝ Իրեն նմանելու եւ խաղաղութիւնը՝ մեր անձկութիւններուն ժամանակ:

Առ այդ, լծակից ըլլալ կարենալու համար, մենքզմեզ ենթարկելու ենք Յիսուսի տուած ուղղութիւններուն եւ ցուցմունքներուն, անսալ Անոր խրատներուն եւ ներշնչումներուն, քանի Ան, այս երկրաւոր ճանապարհորդութեան ընթացքին, մեզի կ'ուղեկցի ամէն մէկ քայլափոխին՝ մեզ առաջնորդելու դէպի լաւն ու բարին եւ մեզ անխռով պահելու փորձութիւններու ու փորձանքներուն ատեն:

Այսօր նկատի առնենք Յիսուսի հրաւէրը Իրեն լծակից ըլլալու: Լուրջի առնենք Իր առաջարկը Իրեն աշակերտելու եւ Իր Աւետարանով դաստիարակուելու: Ապա, ամէն առաւօտ մեք մեզ նուիրենք Իրեն եւ Իր կամքին համաձայն ապրինք:

Այս առնչութեամբ, մեզի կրնան օգտակար ըլլալ սաղմոսերգուին հետեւեալ յորդորները.

«Երանի անոր, որ ամբարիշտ մարդոց խորհուրդին չի հետեւիր,

Մեղաւորներու ապրելակերպը չընդօրինակեր

Եւ զԱստուած ծաղրողներուն հետ ընկերութիւն չ'ըներ.

Այլ՝ հաճոյք կ'առնէ Տիրոջ Օրէնքէն,

Եւ անոր Օրէնքը կը սերտէ գիշեր ցերեկ:

Անիկա կը նմանի հոսող ջուրերու կողքին տնկուած ծառին,

Որ ճիշդ ժամանակին իր պտուղը կու տայ,

Եւ որուն տերեւները չեն չորնար բնաւ.

Անոր բոլոր գործերը յաջողութեամբ կը պսակուին» (Սաղմոս 1, 1-3):

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան








All the contents on this site are copyrighted ©.