2017-12-03 12:30:00

Առաքելական ճամբորդութիւն - Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուածամօր


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 3 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան կանուխ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ շաբաթ 2 դեկտեմբերի երեկոյեան եզրափակեց Միանմար եւ Պանկլատէշ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը ու սովորութեան համաձայն այցելեց Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ  տաճարը ու տաճարի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ զետեղեց ճերմակ ծաղիկներով ծաղկեփունջ մը որպէս շնորհակալութեան ու երախտապարտութեան արտայայտութիւն Աստուածամօր՝ Միանմար եւ Պանկլատէշի առաքելական 21-րդ միջազգային ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը առաքելական ճամբորդութեան ննախօրեակին եւս այցելած էր Տիրամօր տաճարը անոր յանձնելով առաքելական ճամբորդութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.