2017-12-02 12:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Պանկլատէշի երիտասարդներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2017-ին,  տեղական ժամով յետմիջօրէին՝ 3.00ին, (Հռոմի Ժամով առաւօտեան 10.00-ին) Տաքայի «Նոթր Տամ» վարժարանի փակէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ խումբ մը երիտասարդներու հետ,  եւ այս առթիւ արտասանած ճառին սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց, վերջապէս երիտասարդներուն հետ հանդիպելուն համար, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար ։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց ,թէ Ինք ինքզինք երիտասարդ կը զգայ ամէն անգամ, որ երիտասարդներուն հետ կը հանդիպի, քաջալերելով երիտասարդները միշտ  խանդավառութեամբ ու քաջութեամբ յառաջ ընթանալ՝  նոյնիսկ այն պահերուն՝ երբ  տխրութեան ու անձկութեան մէջ են, յառաջ ընթանան՝ իրենց  արդար ուղիին վրայ,  խուսափելով նպատակէ զուրկ ուղեւորութենէն,  որովհետեւ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  կեանքը  ունի նպատակ՝ տրուած Աստուծոյ կողմէ եւ Աստուած է որ   մեզ կ՝առաջնորդէ եւ Իր շնորհք  ուղղութիւն կու տայ մեզի։  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ որ , Աստուած,  կարծես թէ  մեր մէջ զետեղած  ըլլայ համակարգչային ծրագիր մը, որպէսզի  մեզ  օգնէ՝   զատորոշել կարենալու  այս Աստուածային ծրագիրը եւ պատասխանելու Իրեն՝ ամենայն ազատութեամբ։   Ինչպէս ամէն համակարգչային  ծրագիր, Աստուածային ծրագիրն ալ   նաեւ պահանջքը ունի մշտական վերանորոգումի  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու  խրախուսեց երիտասարդները  իրենց կեանքի ծրագիրները   վերանորոգելու, անսալով Տիրոջ ձայնին եւ ընդունելով Տիրոջ կամքը կատարելու մարտահրաւէրը։    

Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց  իմաստութեան բառին  վրայ, դիտել տալով թէ երբ՝ երիտասարդ մը առանց նպատակի կը թափառի, կորսնցուցած կ՝ըլլայ  կեանքի իմաստութիւնը,  որ միակ դէպի արդար ուղի ցոյց տուող ուղեցոյցն է ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ այդ մէկը «հաւատքէն ծնող իմաստութիւնն է,  այն իմաստութիւնը,  որ տեսանելի  է մեր ծնողաց, մեր  մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու աչքերուն մէջ,  որոնք իրենց վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ դրած են։  եւ Որպէս քրիստոնեաներ ըսաւ Սրբազան Հայրը, մեր հարազատներուն , մեծ հայրերուն ու մայրերուն աչքերուն մէջ  կրնանք  տեսնել Աստուծոյ ներկայութեան լոյսը, այն լոյսը որ մեր ծնողքը յայտնաբերեցին Յիսուսի մէջ, որ է   Աստուծոյ  միեւնոյն իմաստութիւնը։  Ապա՝ ստանալու համար այդ  իմաստութիւնը, Սրբազան Հայրը յորդորեց , իրականութիւնը  դիտել Աստուծոյ աչքերով, ուրիշներու ձայնը անսալ Աստուծոյ ականջներով, սիրել՝ Աստուծոյ սիրտով եւ իրողութիւնները արժեւորել Աստուծոյ արժէքներով։

Սրբազան Հայրը յարեց, թէ Աստուծոյ սոյն իմաստութիւնը մեզ կ՝օգնէ ճանչնալու եւ մէկդի դնելու երջանկութեան  սուտ խոստումները,  ընդգծելով որ  սուտ խոստումներ կատարող մշակոյթ մը,  չկրնար մեզ ազատագրել, այլ՝ մեզ կ՝առաջնորդէ  դէպի  անձնասիրութիւն,   որ սիրտը խաւարով  եւ դառնութեամբ կը լեցնէ։  Մինչ՝ Աստուծոյ իմաստութիւնը  մեզ կ՝օգնէ  ճանչնալու ՝ ընկալել, ու ընդունիլ,  բոլոր  անոնք որոնք մեզմէ տարբեր են  ու տարբեր ձեւով  կը մտածեն։    

Ֆրանիչսկոս Պապ ապա տխուր երեւոյթ նկատեց ,  երբ  մենք մեզ   փոքրիկ աշխարհի մէջ կը փակենք ուանոր մէջը կը կծկուինք։  Ժողովուրդ մը, կրօնք մը կամ ընկերութիւն մը երբ  կը վերածուի  փոքրիկ աշխարհի մը, կը կորսնցնէ  իր ունեցածին  լաւագոյնը եւ կը մատնուի պնդագլուխ մտայնութեան ՝ այսինքն «ես բարի եմ եւ  դուն չար ես» մտայնութեան, յարեց Ան դիտել տալով, թէ  Աստուծոյ իմաստութիւնը մեզ կը բանայ ուրիշներուն։  Մեզի կ՝օգնէ նայելու մեր անձնական հանգստաւէտութենէն անդին, մեր կեղծ ապահովութիւններէն  անդին,  որոնք մեզ կոյր կը դարձնեն։

Ֆրանչիկսոս Պապ ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ երիտասարդներու հանդիպումին   կաթողիկէ երիտասարդներուն շարքին կան նաեւ բազմաթիւ մահմետական եւ այլ կրօններու երիտասարդներ,  որոնք այսօր  հոս՝ իրենց ներկայութեամբ, ցոյց կու տան իրենց՝ ներդաշնակ մթնոլորտ զարգացնելու հաստատակամութիւնը, հակառակ իրենց կրօնային տարբերութիւններուն։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ Պանկլատէշի մշակոյթի ու աւանդութիւններու մասին , ուր տարեցները  շատ յարգուած են, դիտել տալով որ տարեցները  մեզ կ՝օգնեն արժեւորելու սերունդներուն շարունակականութիւնը։  Անոնք ունին փորձառութեան իմաստութեան յիշատակը , որ մեզ կ՝օգնեն  խուսափելու անցեալի սխալները կրկնելէ ։  Տարեցներու   խօսքերուն,  սիրոյ, գուրգուրանքի եւ ներկայութեան ընդմէջէն, կ՝ըմբռնենք , թէ պատմութիւնը սկիզբ չէ առած  մեզմով, այլ  մենք մասնիկ մըն  ենք  հին Ճամբորդութեան մը  եւ թէ իրականութիւնը աւելի մեծ է  քան մենք,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու  երիտասրդները հրաւիրեց զրուցել իրենց ծնողաց, մեծ հայրերու ու մեծ մայրերուն հետ եւ բոլոր օրը չանցնենց հեռախօսին վրայ, անտեսելով  իրենց շրջապատող աշխարհը։

«Վերջապէս»  ըսաւ Նորին Սրութիւնը Աստուծոյ իմաստութիւնը մեր մէջ կամրապնդէ այն յոյսը, որ  մեզ կ՝օգնէ ՝ քաջութեամբ ապագան դիմագրաւելու,

Մենք քրիստոնեաներս այս իմաստութիւնը կը գտնենք Յիսուսի հետ անանձնական հանդիպումով՝ աղօթքի եւ խորհուրդներուն միջոցաւ , ինչպէս նաեւ շօշափելի  հանդիպումով՝ աղքատներուն,  հիւանդներուն, տառապողներուն եւ լքուածներուն հետ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ճառը աւարտեց ըսելով,  թէ  Ինք երիտասարդներուն դէմքերուն նայելով ուրախութեամբ եւ յոյսով կը լեցուի, ու մաղթեց  որ Աստուծոյ իմաստութիւնը շարունակէ ներշնչել  երիտասարդները՝ աճելու համար սիրոյ, եղբայրութեան եւ բարութեան մէջ, ապա անոնց  ապահովեցնեով իր աղօթքը  խնդրեց  որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ «Թող Աստուած օրհնէ Պանկլաշտէշը» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.