2017-12-02 09:05:00

Հալէպի «Քրիստափոր» գրադարան՝ 100 տարուան պատմութիւն։


ՀԱԼԷՊ.- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» գրադարանի վարչութեան, Կիրակի, 12 Նոյեմբերի երեկոյեան, «Քրիստափոր» գրադարանի օրուան առիթով, «Լ. Շանթ» սրահին մէջ գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքին բացումը տեղի ունեցաւ:

Բացման արարողութեան ներկայ էին սրբազան հօր ներկայացուցիչ Յուսիկ քհնյ. Սեդրակեան,  Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, մտաւորականներ եւ ազգային-հասարակական գործիչներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գրադարանի վարչութեան անդամ Սեպուհ Տանակէօզեան:

Հարիւրաւոր այցելուներ վայելող ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ Կիրակի, 19 Նոյեմբեր:

Այս առիթով «Գանձասար»ի թղթակիցը «Քրիստափոր» գրադարանի վարչութեան անդամներուն հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց մը, ուր անոնք պարզեցին, թէ ինչո՛ւ յառաջացուցած են «Քրիստափոր» գրադարանի օրը. ««Քրիստափոր» գրադարանը Հալէպի մէջ հիմնուած է 1919ին, իսկ նման ձեռնարկներ սկսած են կազամակերպուելու 1975էն սկսեալ, ընձեռուած պայմաններուն համաձայն, քանի մը տարին անգամ մը: Վերջինը 2010ին էր. անկէ ետք կարելի չեղաւ իրականացնել որեւէ ձեռնարկ՝ բոլորին ծանօթ պատճառներով: Վարչութիւնը կը ծրագրէ գրադարանիս հարիւրամեակին նուիրուած հանդիսութեան մը կազմակերպման, որուն նախօրէին յարմար նկատուեցաւ հանրութեան ներկայանալ ցուցահանդէս-վաճառքի ձեռնարկով: Մեզի համար իւրաքանչիւր օր իսկ գրադարանի օր է, մէկ օր միայն հանդէս կու գանք հանրութեան դիմաց՝ ներկայացնելու գրադարանին մէջ տեղ գտած գիրքերը»:

Խօսելով ցուցադրուած գիրքերուն մասին, անոնք ըսին. «Ցուցադրեցինք մեր հաւաքածոյէն այնպիսի գիրքեր, որոնք լոյս տեսած են նախքան 1917 թուականը, նաեւ հնատիպ այլ գիրքեր. հայատառ թրքերէն գիրքեր, Հալէպ լոյս տեսած գիրքեր եւ մամուլ: Բաւարարուեցանք միայն նմոյշներով՝ վաճառքին ալ տեղ տրամադրելու նպատակով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.