2017-12-01 13:30:00

Տաքայի մէջ խաղաղութեան ի սպաս միջ կրօնական հանդիպում. Քահանայապետին ճառը


(Ռատիօ Վատիկան)  Պանկլատէշ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 1 դեկտեմբեր 2017-ին, տեղական ժամով յետմիջօրէն 5.00-ին (Հռոմի ժամով 12-ին),  Տաքայի Կաթողիկէ համայնքի Արքեպիսկոպոսարանի պարտէզէն ներս , տեղի ունեցաւ խաղաղութեան ի սպաս Միջ կրօնային եւ համամիութենական հանդիպում մը ի  ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ մասնակցութեամբ Պուտտայական,  Մահմետական, Հինտու հասարակութեան ներկայացուցիչներուն ինչպէս նաեւ Տաքայի Անկլիքան եկեղեցւոյ եպիսկոպոսին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ վերոնշեալ միջ կրօնային հանդիպումը նկատեց Պանկլատէշի ճամբորդութեան ամէնէ  իմաստալից պահերէն մին,  շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկը իրականացողներուն։  

Ան ապա ակնարկելով ձեռնարկի ընթացքին արտասանուած ճառերուն եւ  կատարուած երգերուն իմաստին, յարեց թէ-  անոնք բոլորը կը խօսին եղբայրութեան, ներդաշնակութեան, խաղաղութեան իղձի մասին, որոնք բոլոր կրօններու ուսուցումին մէջ կը պարունակուին,  մաղթանք յայտնելով, որ սոյն հանդիպումը,  յստակ նշան հանդիսանայ Պանկլատէշի կրօնապետերու, զանազան կրօններու հետեւորդներուն, փոխադարձ յարգանքի  եւ միասնաբար ապրելու ի գործ դրուած ջանքերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ  կրօնային ազատութեան իրաւունքին, որ  Պանկատէշի  մէջ ճանչուած է որպէս  հիմնական սկզբունք, ու մաղթեց որ այդ սկզբունքը յստակ  կերպով յիշուի, բոլոր անոնց կողմէ,  որոնք  յանուն կրօնի՝ բաժանում, ատելութիւն եւ բռնութիւն կը հրահրեն։ 

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ  նաեւ բարի կամք ունեցող մարդոց  հանդիպումի, երկխօսութեան, համագործակցութեան՝  մշակոյթի ի սպաս տածած աշխատանքներու համար,  դրական եւ արդիւնաւէտ նկատելով, ժամանակից աշխարհին մէջ այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները որոնք կը նպաստեն  մարդկային ընտանիքին ծառայութեան, դիտել տալով որ  հանդիպումի ,երկխօսութեան մշակոյթը կը պահանջէ փոխադարձ յարգանքի  եւ ըմբռնումի վերաբերմունքով՝ ձեռք տալ մերձաւորին՝ կառուցելու համար միութիւն մը , որ  տարբերութիւնը կ՝ըմբռնէ  ոչ որպէս սպառնալիք այլ՝ որպէս  հարստութեան եւ աճումի կարեւոր աղբիւր։

Ֆրանչիկսոս Պպա խօսքը կեդրոնացուց հանդիպումի,  երկխօսութեան  մշակոյթի վրայ ընդգծելով անոր մի քանի յատկանիշները։

Առաջին կարգին  սրբտբացութեան յատկանիշը » այս առումով  նորին Սրբութիւնը  յարեց թէ  սրտբացութիւնը «դուռ մըն է եւ ոչ թէ գերբնական տեսութիւն, ան ապրուած փորձառութիւն է։   Դուռ մը , որ թոյլ կու տայ երկխօսութիւն ձեռնարկելու։     Մեր գործերուն   մէջ յիշելով սոյն գերբնական ծաւալը, պիտի անդրադառանք մեր սիրտերու բիւրեղացումի անհրաժեշտութեան գործընթացին, որ մեր բոլոր իրողութիւնները տեսնել  կու տայ իրենց իսկական հեռանկարով ըսաւ Սրբազան  Հայրը եւ աւելցուց Սրտաբացութիւնը ուղի մըն է նաեւ,  որ կ՝առաջնորդէ դէպի բարութեան, արդարութեան  եւ զօրակցութեան  որոնումին։   Ուղի մը որ կառաջնորդէ մերձաւորին բարիքը փնտռելու – յարեց  Ֆրանչիկոս Պապ ու  մէջբերեց Սուրբ Պօղոս խօսքը «յաղթահարուիր չարէն այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռոմ 12, 21) մատնանշելով  թէ սա է վերաբերմունքը զորս բոլորս  կրնանք ընդօրինակել։ 

Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ  կրօնական հոգածութեան կարեւոր կէտերէն   մէկուն՝  մերձաւորին  բարիքը , « որ կը բխի բաց սրտէ մը , ըսաւ ան եւ աւելցոցւ   «ան կը հոսի գետի մը նման ՝  չոր արտերը ջրելով,  ատելութեան անապատները, կաշառակերութեան,   աղքատութեան,  բռնութեան անապատները, որոնք մարդկային կեանքեր  կը քայքայեն,  ընտանիքները  կը բաժնեն , ստեղծագործութեան պարգեւին դիմագիծը կը կերպարանափոխեն»։

Նորին Սրբութիւն ապա ողջունեց Պանկլատէշի մէջ  զանազան կրօնային հասարակութիւններու կողմէ   հանդիպումի,  երկխօսութեան մշակոյթի ի սպաս ի գործ դրուած ջանքերը,   ինչպէս   նաեւ   արարչագործութեան ՝հասարակ տան  հանդէպ խնամքի անոնց   յանձնառումը,   մտաբերելով անցեալին ՝  «Ռանա Փլազայի» մէջ շէնքի մը փլուզումի առիթով՝ աշխարհի բոլոր անկիւններէն  պետութիւններու կողմէ ցուցաբերուած  ցաւակցութիւնն ու աղօթքը , դիտել  տուաւ որ  այդ ցաւակցական  արտայայտութիւններուն մէջ  յայտնաբերուեցան   բարութեան ուղեւորութիւնը,  որ կ՝առաջնորդէ դէպի համագործակցութիւն՝  ուրիշներու ծառայութեան  ի նպաստ ։  

«Հաւատացեալներու միջեւ բացուածութեան, ընկալումի եւ համագործակցութեան հոգին,  ոչ միայն կը նպաստէ ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան մշակոյթին, այլ   կը նկատուի սրտին տրոփումը,  որուն աշխարհը յոյժ կարիք ունի՝  հակազդելու համար քաղաքական կաշառակերութեան համաճարակին, կրօնային քայքայիչ գաղափարապաշտութիւններուն ,  ու աղքատներուն , գաղթականներուն, հալածուած փոքրամասնութիւններուն եւ դիւրաբեկներուն  դիմաց աչք  խփելու փորձութեան»   ըսաւ    Նորին Սրբութիւնը  ապա մատնանշեց երիտասարդներուն ու անոնց հոգածութեան հրամայականին «երիտասարդները,  որոնք յաճախ կեանքին իմաստը որոնելու ընթացքին  մինակ եւ շփոթ վիճակի մէջ կը մնան» ըսաւ

Ֆրանիչկսոս Պապ ու Ճառը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով մշակոյթի հանդիպումի խթանման ի գործ դրուած ջաներուն համար,  ապա մաղթանք յայտնեց որ կրօններու հետեւորդներու բարին զատորոշելու եւ զայն կիրակելու միասնական յանձնառումը օժանդակէ հաւատացեալներուն՝ աճելու  իմաստութեան եւ սրբութեան  մէջ ինչպէս նաեւ  համագործակցութեան ուղիով՝ կերտելու համար միշտ աւելի մարդկային , միացած ու խաղաղ աշխարհ մը։

«Սիրտս կը բանամ Ձեզի բոլորիդ  եւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ  ինծի վերապահած  ձեր  ընդունելութեան համար – ըսաւ ապա Քահանայապետը ու հրաւիրեց « աղօթքներուն մէջ մէկը միւսին համար աղօթել ու մէկը միւսը յիշել»








All the contents on this site are copyrighted ©.