2017-11-30 12:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը Միանմարի նախագահին դէպի Պանկլատեշ թռիչքի ընթացքին


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի , 30 նոյեմբեր 2017-ին,  Միանմարի ժամով առաւօտեան 7,15-ին,  Միանմարի միջազգային օդակայանին մէջ ֆրանչիսկսո Պապի ի պատիւ տեղի ունեցած հրաժեշտի արարողութեամբ վերջ գտաւ Նորին Սրբութեան Միանմար կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը,  որմէ ետք սկիզբ առաւ ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը Պանկլատէշի առաքելական այցելութիւն։։

Թռիչքի ընթացքին սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ ողջոյնի հեռագիր ուղղեց Միանմարի հանրապետութեան նախագահին, որուն  մէջ  դարձեալ  շնորհակալութիւն յայտնեց Անոր եւ Միասնմարի համայն ժողովուրդին իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար,  ապա Աստուածային օրհնութիւնները հայցեց Միանմարի նախագահին, կառավարութեան ինչպէս նաեւ ժողովուրդին,  ապահովեցնելով իր աղօթքը երկրին  մէջ խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան  հաստատման համար։ 

Նորին Սրբութիւնը Տաքքայի միջազգային օդակայան ժամանեց 2 ժամ 5 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք տեղական ժամով 14.50-ին (Հռոմի ժամով առաւօտեան 9.50-ին) ուր զինք դիմաւորեց Պանկլատէշի հանրապետութեան նախագահը Տիար Ապտուլ Համիտը ի ներկայութեան տեղական քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններու անդամներէ կազմուած պատուիրակութեան մը։

Բարի գալուստի պաշտօնական արարողակարգէն ետք Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Սաւարի ազգային մարտիրոսներու յուշահամալիրը որմէ ետք այցելեց նաեւ «Պանկապանտուի» յուշահամալիրի թանգարանը ուր յարգանքի տուրք մատոյց Պանկլատէշի առաջին նախագահ ու «Ազգին Հայր» նկատուած Շէյխ Մույիպուր Ռահամանին,  անոր շիրիմին առջեւ ամփոփուելով ու  բունջ մը ծաղիկ զետեղելով։

«Պանկապանտուի» յուշահամալիրը այն վայրն է ուր Շէյխ Մույիպուր Ռահամանին ու անոր ընտանիքի 31 անդամներ սպաննուեցան 15 օգոստոս 1975-ին, երկրին անկախութեան համար պատերազմի ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.