2017-11-30 18:00:00

Ֆրանչիկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Քոսթա Ռիքայի մէջ գումարուած վեհաժողովի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) 29- նոյեմբերէն – 1 դեկտեմբեր 2017-ին, Քոսթա Ռիքայի մէջ  տեղի կ՝ունենայ «Գովեալ Ըլլաս»  Ֆրանչիսկոս Պապի  բնապահպանութեան մասին  շրջաբերական թուղթին նիւթով միջազգային 7-րդ վեհաժողովը որ կազմակերպուած է «Ժոզէֆ Ռացինկեր» հիմնարկի կողմէ եւ համագործակցութեամբ Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ համալսարաններուն։ 

Այս առթիւ, հինգշաբթի, 30 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց համագումարին մասնակիցներուն, որուն մէջ ողջունելէ ետք զանոնք, անդրադարձաւ  Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խօսքերուն, ուր վաստակաւոր Քահանայապետը հիմնական կը նկատէ «մարդկային բնապահպանութիւն» մը, որ որպէս կեդրոն ընտրէ մարդու համապարփակ զարգացումը ու զայն կոչէ հասարակաց բարիքի նկատմամբ իրենց պատասխանատուութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնեց որ նշեալ վեհաժողովը խթան հանդիսանայ Կաթողիկէ համալսարարններուն միջեւ համագործակցութեան, ուսումնասիրելու համար   հարցերը,  կացութիւններու  զարգացումը,  ու  լուծումներու կարելիութիւնները,  ապա  ներկայացնելու շօշափելի առաջարկներ,  յատուկէն Լատին Ամերիկիոյ եւ Քարաիպեան շրջանի համար, զարգացնելու համար  բնապահպանութեան նկատմամբ  մարդոց մէջ պատասխանատուութեան հոգին, ոչ միայն անհատներու մէջ, այլեւ քաղաքական հասարակութիւններուն, ընկերութիւններուն   եկեղեցւոյ եւ  վերջապէս ընտանիքներուն մէջ։   

Քահանայապետը պատկերասփռուած ճառը աւարտեց ընդգծելով թէ հարկաւոր է բոլորին զօրակցութիւնն ու յանձնառումը , դիտել տալով որ  «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական թուղթը կը հարցադրէ մեզմէ ամէն մին ու թէ կարիքը կայ բոլորին համագործակցութեան՝ ընկալելու համար շրջաբերականին պատգամը եւ զայն իրականացնելու կեանքին մէջ,  մարդկային ընտանիքի բարիքին ու անոր ապագային ի նպաստ։

Ֆրանիչկսոս Պապ օրհնելով վեհաժողովի աշխատանքները պատգամը աւարտեց բոլորին շնորհելով Աստուածային օրհնութիւններ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.