2017-11-30 09:18:00

Հիւսիսային Քորէայի փորձարկած նոր հրթիռը կրնայ հարուածել Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքը


Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները յայտարարած են «Հուասոնկ-15» միջցամաքամասային թեւաւոր հրթիռի յաջող փորձարկման մասին: Այս մասին կը գրէ «Կազեթա» կայքը:

Փիոնկիանկ նշած է, որ 28 նոյեմբերին փորձարկուած հրթիռը, որ ինկած է Ճափոնի ափերուն մօտ, կրնայ հարուածել Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէջ գտնուող որեւէ թիրախ: Բացի ատկէ, կը նշուի, որ «Հուասոնկ-15»-ը կրնայ կրել հիւլէական ծանր մարտագլխիկ:

Հիւսիսային Քորէայի կատարած փորձարկումին իբրեւ պատասխան Հարաւային Քորէան կատարեց թեւաւոր հրթիռներու փորձարկում: Ատոր յաջորդեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, հիւսիսային քորէական փորձարկումի հարցով արտակարգ նիստ պիտի գումարուի:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Հիւսիսային Քորէայի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանին տարածած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ երկիրը աւարտած է հիւլէական լիարժէք ուժերու ստեղծման հոլովոյթը:

«Հիւսիսային Քորէան իրականացուցած է պատմական մեծ յառաջադրանք` աւարտին հասցնելով պետական հիւլէական ուժերու ստեղծումը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Փիոնկիանկ ընդգծած է նաեւ, որ «հիւլէական ուժերու ստեղծումը այլ պետութիւններու համար սպառնալիք պիտի չներկայացնէ, այնքան ատեն որ անոնք տակաւին չեն ոտնահարած Հիւսիսային Քորէայի ազգային շահերը»:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ միջցամաքամասային թեւաւոր հրթիռի փորձարկումը կատարուած է երկրի ղեկավար Քիմ Չեն Ընի անձնական հրամանով` ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու կողմէ վարուող թշնամական քաղաքականութեան: Յայտնի է, որ հրթիռը անցած է 950 քիլոմեթր` առաւելագոյնը բարձրանալով 4475 քիլոմեթր:

Աղբիւրը կը նկատէ, որ ասիկա Փիոնկիանկի կողմէ 15 սեպտեմբերէն ի վեր առաջին հրթիռային փորձարկումն էր:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հիւսիսային Քորէայի կողմէ թեւաւոր հրթիռի հերթական արձակման մասին տեղեակ դարձած է հրթիռի թռիչքին ընթացքին:

«Որոշ ժամանակ առաջ Հիւսիսային Քորէան հրթիռ արձակած է: Միայն մէկ բան պիտի ըսեմ ձեզի` մենք այս բոլորին մասին հոգ պիտի ընենք: Մենք այս հարցին շուրջ երկար քննարկում կատարած ենք: Ասիկա իրավիճակ մըն է, զոր պիտի յաղթահարենք», ըսած է Թրամփ:

Փենթակոնի ղեկավար Ճէյմս Մաթիս Փիոնկիանկը մեղադրած է աշխարհի խաղաղութիւնը վտանգելու յանցանքով:








All the contents on this site are copyrighted ©.