2017-11-30 09:14:00

Հարիրի պիտի մնայ վարչապետի իր պաշտօնին վրայ» հաստատեց նախագահ Աուն


Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Նատիա Շամի Աունի եւ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, երէկ կէսօրուան ժամը 12:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) հասաւ Իտալիա, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:

Նախագահ Աուն դիմաւորուեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արարողակարգային հարցերու պատասխանատու Սթեֆանօ Ցանինի,  Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի, Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր-Ֆիուլիտեսի եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու ու մարոնի պատրիարքութեան անդամ կղերականներու կողմէ:

Նախագահ Աուն «Չիամփինօ»-ի օդակայանէն ուղղուեցաւ իր կեցութեան վայրը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ պաշտօնական այցելութիւնը կազմակերպողներուն հետ եւ վերջնականացուց այսօր իր ունենալիք հանդիպումներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական վերջին տագնապը արդէն իսկ կարելի է շրջանցուած նկատել` աւելցնելով, որ Սաատ Հարիրի պիտի մնայ վարչապետի իր պաշտօնին վրայ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի փայլուն ապագայի մեկնարկը պիտի ըլլայ Պէյրութէն` նկատի ունենալով, որ ան շրջանին մէջ կը ներկայանայ իբրեւ համերաշխութեան օրինակելի տիպարը:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները` շեշտելով զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Պատասխանելով շրջանային տագնապներուն միջամուխ դառնալու Հըզպալլայի քաղաքականութեան մասին հարցումի մը` նախագահ Աուն ըսաւ, որ Հըզպալլա ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուած է ե՛ւ Լիբանանի մէջ, ե՛ւ Լիբանանէն դուրս, իսկ երբ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը վերջ գտնէ, Հըզպալլա տուն պիտի վերադառնայ:

Նշենք, որ նախագահ Աուն այսօր հանդիպումներ կ՛ունենայ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի եւ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնիի հետ, ինչպէս նաեւ բացումը պիտի կատարէ «Եւրոպական-միջերկրականեան երկխօսութիւն» խորհրդաժողովին:

Նախագահ Աուն հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Իտալիոյ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.