2017-11-30 15:00:00

«Աստուծոյ անունը կարելի չէ գործածել արդարացնելու համար բռնութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Աստուծոյ ամենասուրբ անունը կարելի չէ հայցել արդարացնելու համար ատելութիւնն ու բռնութիւնը՝ մեզ նման այլ մարդ անհատներու նկատմամբ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Պանկլատէշ կատարած առաքելական ճամբորդութեան առթիւ հրապարակած թուիթը՝ հինգշաբթի 30 նոյեմբեր 2017-ին, որուն միջոցաւ Սրբազան Պապը անգամ մը եւս դատապարտեց յանուն Աստուծոյ գործադրուած բռնութիւններն ու ատելութեան արարքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.