2017-11-29 12:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Միանմարի եպիսկոպոսներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի՝ 29 նոյեմբեր 2017-ին Միանմար կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Միանմարի Եպիսկոպոսներուն հետ ու այս առթիւ անոնց ուղղեց պատգամ մը որուն մէջ մատնանշեց առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրուան յայտագրին, որ սկիզբ առաւ առաւօտեան Սուրբ Պատարագով ապա Պուտտայական հասարակութեան կրօնապետերու հետ հանդիպումով, ու մաղթանք յայտնեց որ եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումը ըլլայ գոհաբանութեան հանդիպում ու խորհրդածութեան պահ մը Միանմարի Հովիւներուն ընդառաջ կայացած մարտահրաւէրներու մասին։

Սրբազան Հայրը   խօսքը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ՝ բուժում, ուղեկցութիւն  ու մարգարէութիւն։

Աւետարանը զոր կը քարոզենք բուժումի, հաշտութեան ու խաղաղութեան պատգամ է, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու մատնանշեց Միանմարի իրավիճակին, հաստատելով թէ եպիսկոպոսներու Աւետարանական վկայութիւնը երկրին մէջ ըլլալու է ի նպաստ ազգային միութեան, ու ժողովուրդի կեանքի վերաբուժումին, ու թէ այդ միութիւնը պէտք է գնահատէ տարբերութիւնները ու ամէնքը իրարու համախմբէ, հանդիպումի եւ զօրակցութեան մշակոյթի մը ներքոյ։

«Միանմարի Կաթողիկէ համայնքը հպարտ ըլլալու է իր՝ Աստուծոյ ու մերձաւորի սիրոյն  մարգարէական վկայութեան համար որ կը բացայայտուի աղքատներու ի սպաս յանձնառութեան մէջ ու բոլոր անոնց որոնք վիրաւոր ինկած են ճամբաներու եզերքը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու եպիսկոպոսները հրաւիրեց իր շնորհակալութիւնները փոխանցելու բոլոր անոնց որոնք բարի Սամարացիի նման վեհանձնութեամբ կը գործեն նպաստելու կարիքաւորներուն, անկախ անոնց կրօնական կամ ցեղային պատկանելիութենէն։

«Ձեր բուժումի առաքելութիւնը իր յատուկ արտայայտութիւնը կը գտնէ համամիութենական երկխօսութեան ու միջ կրօնական համագործակցութեան յանձնառումին մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ վստահեցնելով իր աղօթքները որպէսզի երկխօսութեան կամուրջներ կառուցելու ջանքերը շարունակուին, եւ այս ուղղութեամբ մատնանշեց անցեալ գարնան Եանկոնի մէջ գումարուած խաղաղութեան միջկրօնական համաժողովին զայն նկատելով «կարեւոր վկայութիւն մը աշխարհին համար, որով ի յայտ եկաւ կրօններու վճռակամութիւնը ապրելու խաղաղութեան մէջ ու դատապարտելու կրօնի անունով կիրարկուած բռնութեան եւ ատելութեան արարքները»։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց ապա երկրորդ բառին վրայ որ է ուղեկցութիւնը։ «Բարի Հովիւը միշտ ներկայ է իր հօտին մօտ ու անոր հետ կը քալէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անգամ եւս կրկնելով այն արտայայտութիւնը թէ բարի հովիւը պէտք է ունենայ ոչխարներուն հոտը։

«Մենք կանչուած ենք ըլլալու դէպի դուրս եկեղեցի մը՝ որպէսի Քրիստոսի լոյսը տանինք արուարձաններուն» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը թելադրելով եպիսկոպոսներուն օրինաւոր կերպով այցելել իրենց ժողովրդապետութիւններն ու հասարակութիւնները ու որպէս Հայրեր մօտիկ ըլլան ու առաջնորդեն իրենց յանձնուած հաւատացեալները ու անոնց ծառայող քահանաները, յատուկէն մատնանշելով նաեւ աշխարհականներու առաքելութեան ու մասնաւորապէս կրօնուսոյցներու կազմաւորումին, ապա՝ ակնարկելով յառաջիկայ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին  յորդորեց յատուկ կերպով ընկերակցիլ երիտասարդներուն ու անոնց կազմաւորումի գործընթացին, որովհետեւ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, «Միանմարի Եկեղեցւոյ ամենամեծ օրհնութիւններէն մին անոր երիտասարդութիւնն է» ու հրաւիրեց եպիսկոպոսները ներգրաւելու զանոնք ու թիկունք կանգնելու անոնց հաւատքի ուղեւորութեան, որպէսզի իրենց կարգին ըլլան ուրախ եւ հաւատալի աւետարանողներ։

«Իսկ երրորդ բառը մարգարէութիւն է» ըսաւ Սրբազան Հայրը ու մատնանշեց Մինամարի եկեղեցւոյ տուած Աւետարանական վկայութեան, դաստիարակչական , բարեսիրական , մարդու իրաւունքի պաշտպանութեան ու ժողովրդավարական սկզբունքներուն թիկունք կանգնելով, եւ քաջալերեց եպիսկոպոսները շարունակել գործել այդ ուղղութեամբ ու այնպէս ընել  որ Կաթողիկէ հասարակութիւնը՝ ընկերային կեանքէն ներս ունենայ կառուցողական դեր մը, իր ձայնը լսելի դարձնելով, յատկապէս աղքատներու ու կեանքի արժանապատուութեան յարգանքի հայող հարցերու ծիրէն ներս։

Քահանայապետը ապա ակնարկեց բնապահպանութեան հարցին ու այս ուղղութեամբ եկեղեցւոյ յանձնառումին, հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ  այս հաղորդութեան պահուն համար ու քաջալերեց ներկաները ամէն օր աճելու աղօթքի ու Աստուծոյ հաշտեցնող սիրոյ փորձառութեան մէջ,  որ՝ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ձեր քահանայութեան ինքնութեան հիմքն է ու երաշխիքը ձեր քարոզութեան  ու ձեր հովուական սիրոյ աղբիւր՝ որով Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէք սրբութեան ու ճշմարտութեան ճանապարհներուն վրայ։

Սրբազան Հայրը Տիրոջ շնորհքները հայցեց եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու տեղական բոլոր եկեղեցիներու աշխարհականներուն վրայ ու ճառը եզրափակեց խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.