2017-11-27 10:07:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ողջոյնը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 26 նոյեմբերի երեկոյեան սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական 21-րդ ճամբորդութիւնը դէպի Մայանմար ապա Պանկլատէշ։ Սովորութեան համաձայն ճանապարհորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ուզեց ողջունել իր հետ ճամբորդող լրագրողները անոնց մաղթելով նախ եւ առաջ բարի գիշեր, տրուած ըլլալով որ Նորին Սրբութեան օդանաւը թռիչք առաւ երեկոյեան 9.40-ին,  ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց «բարիք» սերմանող աշխատանքին համար ու մաղթեց որ ճամբորդութիւնը ըլլայ հաճելի եւ պտղաբեր, հուսկ մէկիկ մէկիկ ձեռնուեցաւ անոնց հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.